ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎՐԺ.Ի ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ
Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ ուրախ օր մը ապրեցաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի նախակրթարանի շրջանաւարտութեան հանդէսին առթիւ։ Տղաքը այս փուլին ջերմօրէն շրջապատուեցան իրենց ծնողներուն եւ Գատըգիւղի ընտանիքի պատասխանատուներուն կողմէ։