ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ ՄԵՐ ՄԷՋ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունին, որ այս օրերուն կը գտնուի քաղաքս։ Շահան Արծրունի այս անգամ բարենպատակ ծրագրի մը համար Իսթանպուլ կ՚այցելէ եւ, ինչպէս միշտ, կեցութեան առիթը ծառայացուցած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը ողջունելու։
Երէկ, Պաքըրգիւղի մէջ կրկնուեցաւ «Զահրատ-100» հատընտիրին շնորհանդէսը։ Անմոռանալի բանաստեղծի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ հրատարակուած է այս հատորը՝ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ։
«Արաս» հրատարակչութիւնը այս շրջանին գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Վահրամ Թորգոմեանի (1858-1942) յուշերուն թրքերէն թարգմանութիւնը։ «Պոլսահայ բժիշկի մը յուշերը, 1860-1890» խորագրեալ՝ յուշերու ֆրանսերէն թարգմանութեան հիման վրայ, Ալեւ Էրի կողմէ պատրաստուած է թրքերէն թարգմանութիւնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Մինչ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը կը պատրաստուի՝ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ այս շաբաթավերջին նախատեսուած տարեկան հանգանակութեան, այս առաւօտ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու գործակից ընկերներէն Գարէն Թէրզեանը, Նուրհան Փալաքօղլուն եւ Քորայ Աշճըն։
Հայ արդի բանաստեղծութեան տիտաններէն անմոռանալի գրող Զահրատի ծննդեան 100-ամեակը ներկայիս կը նշուի զանազան հարթութիւններու վրայ։ Յոբելեանը արժեւորելու համար Պատրիարքական Աթոռն ալ հրատարակած է «Զահրատ-100» հատընտիրը, որ լոյս տեսած է Երեւանի «Եղիշէ Չարենց» Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի հետ համագործակցութեամբ։
Երէկ, համայնքային շրջանակները ժամադրուած էին Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր նախատեսուած էր թաղի Տատեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին այցելեց նկարչուհի Վերժին Շապճըի ցուցահանդէսը, որ կը կրէ՝ «Արեւմուտքէն դէպի Արեւելք տպաւորութիւններս» անուանումը։ Վաստակաւոր նկարչուհիի հերթական անհատական ցուցահանդէսէն այս մէկը, որ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան արժանացած է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի Կրթական յանձնախումբի ներկայացուցիչները։ Գումգաբուի մէջ անոնք հիւրընկալուեցան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու բաժանմունքի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը։ Ան շուրջ կէս օրուան կեցութիւն մը ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ, ուրկէ տարանցումով ուղեւորուեցաւ դէպի Կեդրոնական Ասիա՝ մասնակցելու համար յիշեալ ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած ժողովի մը։