ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՄՏԱԽԱՂԵՐՈՒ ՄԷՋ
Գալֆաեան տան սաները փայլուն յաջողութիւն արձանագրեցին՝ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան կողմէ կազմակերպուած մտախաղերուն մէջ։ Առաջին երկու հանգրուանները յաջողութեամբ յաղթահարելով՝ անոնք իրաւունք շահեցան աւարտական փուլի բարձրանալու։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճըն եւ փոխ-ատենապետ Նուպար Մանավեանը։ Պաքըրգիւղի ընտանիքը այս շրջանին կը պատրաստուի՝ թաղի Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան։
Յայտնի մեներգչուհի Իլտա Սիմոնեան, որ վերջին օրերուն քաղաքս այցելեց, այսօր արդէն հրաժեշտ առաւ Իսթանպուլէն։ Իլտա Սիմոնեան, որ երկար տարիներէ ի վեր Հոլանտայի մէջ կ՚ապրի շաբաթավերջին Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման տաճարին մէջ հանդէս եկած էր՝ Կոմիտասին ձօնուած համերգով մը։
Կեդրոնականի ընտանիքը կը պատրաստուի՝ վարժարանի ի նպաստ այս տարուան հանգանակութեան։ Դպրոցի տարեկան պիւտճէն հաւասարակշռելու նպատակով նախատեսուած մատաղօրհնութեան ընդառաջ արդէն պատրաստութիւնները սկսած են։
Մեներգչուհի Սիպիլ կը շարունակէ արտասահմանեան ուղեւորութիւններով տպաւորել աշխարհի զանազան անկիւններու հայ երաժշտասէրները։ Վերջերս ան համերգով մը հանդէս եկաւ Սաու Փաոլոյի մէջ, ուր աննախընթաց ջերմ վերաբերմունքի արժանացաւ։
Թրքահայ վագըֆներու միութեան երէկուան ժողովը տեւեց շուրջ 4 ժամ, Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ:
Պէզճեան Մայր վարժարանի սաները գնահատելի յաջողութիւն մը արձանագրեցին՝ Եւրոպայի քոտաւորման շաբթուան գործունէութիւններու ծիրէն ներս։ BTE միութեան եւ «Bilişim» վարժարանի համագործակցութեամբ կազմակերպուած էր «TalentCup» քոտաւորման մրցոյթը՝ ընդգրկելով ամբողջ Թուրքիոյ տարածքը։
Էսաեանի ընտանիքը հոկտեմբերը՝ Հայ մշակոյթի ամիսը եզրափակեց միջվարժարանային ձեռնարկով մը, որ ձօնուած էր Թարգմանչաց տօնին։ Հիւրընկալ Էսաեան վարժարանին առընթեր ծրագրին մասնակցութիւն բերին Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան, Պաքըրգիւղի Տատեան, Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան եւ Անարատ Յղութիւն, Գումգաբուի Պէզճեան, Գարակէօզեան, Գալֆաեան, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան, Օրթագիւղի Թարգմանչաց, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան, Պոմոնթիի Մխիթարեան եւ Եշիլգիւղի վարժարանները։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որ համախմբեց հոծ թիւով հետաքրքիրներ։ Թաղային խորհուրդի ջանքերով նախատեսուած՝ «Մշակոյթի եւ գեղարուեստի զրոյցներ»ու ծիրէն ներս Գուզկունճուքի պատմութեան եւ ընդհանուր դրուածքին մասին զրուցեցին գրող Պերքէն Տէօնէր եւ հետազօտող Անրիէթ Թոփուզեան-Պաշօղլու։
Երէկ երեկոյեան, Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ Յակոբ Կոպէլեանի կողմէ հեղինակուած «Kızgın Buhardaki Koza» գիրքին շնորհանդէսը։ «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրուած է այս գործը։