ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑ
Երէկ, 30 Օգոստոսի Յաղթանակի տօնին առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական ընդունելութեան։
Երէկ, 30 Օգոստոսի Յաղթանակի տօնին առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական ընդունելութեան։
Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» խորագրեալ երաժշտական ձեռնարկներու վերջինը։ Կղզեբնակ երիտասարդներու երաժշտական կատարումները այս փուլին եւս հրապուրեց հանդիսատեսները։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ՝ Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ բարեյիշատակ Կարօ Գալէնտէրի ոգեկոչման համար կազմակերպուած պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին։
Յայտնի արուեստագիտուհի Պերճուհի Պէրպէրեան, որ թատերական աշխարհէ ներս ծաւալած երկարամեայ գործունէութեան զուգահեռ՝ հրապարակագրական ոլորտին ալ բացուած է, վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Burgazada Sevgilim» անուն գիրքը։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը վերջին օրերուն Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ շնորհակալագրի մը արժանացաւ։
Երէկ, «Հայճար» յատկանշական ձեռնարկով մը նշեց իր հիմնադրութեան 16-րդ տարեդարձը, որ առիթ դարձաւ մեծ ոգեւորութեան, միեւնոյն ժամանակ, երախտագիտական տուրքի մատուցման։ Տարեդարձի հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի շէնքէն ներս։
Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» խորագրեալ երաժշտական երեկոյթներու հերթականը։ Այս անգամ բեմ բարձրացան «փոփ» եւ «ռաք» երաժշտութեան հակումով տաղանդաւոր երիտասարդներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խուրհուրդի անդամները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անոնցմէ տեղեկութիւններ ստացաւ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքներուն շուրջ, որոնք երեք ամիսէ ի վեր կը շարունակուին ու հասած են վերջին փուլին։
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» խորագրեալ երաժշտական ձեռնարկներու հերթականը։ Կղզեբնակ երիտասարդներու երաժշտական կատարումները այս փուլին եւս գնահատուեցան հանդիսատեսին կողմէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց՝ Համահայկական 8-րդ խաղերուն առթիւ Հայաստան մեկնած թրքահայ մարզական պատուիրակութեան ներկայացուցիչները։