ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ
Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» խորագրեալ երաժշտական ձեռնարկներու վերջինը։ Կղզեբնակ երիտասարդներու երաժշտական կատարումները այս փուլին եւս հրապուրեց հանդիսատեսները։