ՄԱՐԱԼՑԻՆԵՐԸ ՍՏԱՑԱՆ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի անդամները, որոնք այս շրջանին մեկնած են Հայաստան։ Մարալցիները, որոնք Համահայկական 8-րդ խաղերու բացման ելոյթ ունենալու համար Հայաստանի մէջ կը գտնուին, ուխտի այցելութիւն մը տուին համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնին, որու խորախորհուրդ մթնոլորտի իսկական ներշնչման առիթ մը դարձաւ իրենց համար։