ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ ԳԻՐՔԻ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՇԱՀԵԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Սա գիրքի շնորհանդէս մըն էր, սակայն, ըստ էութեան, ներկաներուն տեսակէտէ նշանակեց շատ աւելին։
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Սա գիրքի շնորհանդէս մըն էր, սակայն, ըստ էութեան, ներկաներուն տեսակէտէ նշանակեց շատ աւելին։
Մարմնամարզի ու երիտասարդութեան նախարար Օսման Աշքըն Պաք երէկ հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքն ու գործակից ընկերները։ Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էր նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնին ու Մշակոյթի շաբթուան առթիւ ձեռնարկ մը։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, որոնք ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան խնամակալութեան ատենապետ Ազատ Տեմիրճիի եւ գործակիցներուն, նաեւ տնօրէն Սերքան Քըյըճըի կողմէ։
Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ Սահակեան-Նունեան վարժարանէն ներս Թարգմանչաց տօնին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկին ժամանակ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերները։ Շաբաթավերջին նախատեսուած է Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը, որուն ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղականները խմբագրատունս այցելեցին՝ հանրային կարծիքը լուսաբանելու համար։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան այցելեց Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլին։ Սա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ քաղաքավարական այցելութիւն մըն էր՝ Տաւուտ Կիւլի կուսակալ նշանակման կապակցութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
«Փափիրիւս» հրատարակչութիւնը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Մահուան նուագախումբ» խորագրեալ գիրքը, որու հեղինակն է Միհրան Շիկահեր։ Շաբաթավերջին «Հրանդ Տինք» հիմնարկի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս գիրքին շնորհանդէսը, որ համախմբեց գրասէրներ։
Շիշլի մարզակումբի զանազան խումբերը կը շարունակեն փայլուն յաջողութիւններ արձանագրել, ինչ որ մեծ ուրախութիւն կը պարգեւէ ակումբի ընտանիքին։ Շաբաթավերջին շիշլիցիները մասնակցեցան Սիրողական մարմնամարզի շաբթուան ծիրէն ներս կազմակերպուած՝ մինչեւ 10 տարեկաններու ճատրակի մրցաշարքի մը, որ տեղի ունեցաւ Ամասիայի մէջ։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին երէկ օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ աւանդական արարողութիւններով, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Բարեկարգման աշխատանքներով ներկայանալի տեսք ստացած եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։