Լրահոս

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ՍԻՆԻՐԼԻՕՂԼՈՒ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Վիեննայի մէջ տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ։ Միրզոյեան Վիեննայի մէջ մասնակցած էր կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԵՒ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ ԿԸ ԽՈՐԱՑՆԵՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Ռուսաստան եւ Հնդկաստան հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ՝ իրենց համագործակցութեան նոր ծաւալներու վերաբերեալ ծրագրերուն շուրջ։ Մոսկուա-Նիւ Տելհի առանցքին վրայ այս շրջանին նոր խմորումները թափ ստացած են՝ միջազգային յարափոփոխ իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ։

ՓԱՐԻԶ-ՓԵՔԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ԵՐԲԵՔ ԿԱՐԵՒՈՐ

Ֆրանսա եւ Չինաստան պիտի զարգացնեն համագործակցութիւնը՝ համաշխարհային տագնապներու կարգաւորման ուղղութեամբ։ Փարիզի եւ Փեքինի այս մտադրութիւնը հասունցած է՝ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան մթնոլորտին մէջ։

ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին կարեւոր նախաձեռնութիւնը:
Ծրագրի մեկնարկը բնորոշեց երէկուայ առցանց ծաւալուն քննարկումը՝ բազմակողմանի կարծիքի փոխանակումներու մթնոլորտին մէջ:

ՆԱԻՐԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ԿԼՈՊԱԼ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՖՈՐՈՒՄԻՆ ԿՈՂՄԷ

Երէկ յետմիջօրէին, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան հիւրընկալուեցաւ Կլոպալ յարաբերութիւններու ֆորումին (GIF-GRF) կողմէ:

ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Նախարար Հաքան Ֆիտան. «Սեւ ծովու պարագային Թուրքիոյ դիրքորոշման արդար ու տեղին ըլլալը վերահաստատուած է»:
Եւրոմիութեան պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտի նախաձեռնութիւնները բաց պէտք է ըլլան ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներու համար:

ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ 32-ՐԴ ՀԱՒԱՔ

Վիեննայի մէջ այսօր սկսաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը։ Իր տեսակին մէջ 32-րդ այս հաւաքին կը մասնակցին նաեւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։

«ՏՈՀԱ ՖՈՐՈՒՄ»Ի ԳԾՈՎ ԱՍՈՒԼԻՍ

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան գծով պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւ վաղը պիտի մասնակցին «Տոհա ֆորում»ին, որ կազմակերպուած է Քաթարի տանտիրութեամբ։

Էջեր