«ՁԻԹԵՆԻԻ ՃԻՒՂ»
Թուրք զինեալ ուժերը ամենայն սաստկութեամբ ռումբ կը տեղացնեն ահաբեկչական լծակներուն վրայ:
Բանակը Աֆրինի եւ շրջակայքին կը ծաւալէ լայնածաւալ ու ազդու գործողութիւններ՝ ոչնչացնելով թիրախները:
Թուրք զինեալ ուժերը ամենայն սաստկութեամբ ռումբ կը տեղացնեն ահաբեկչական լծակներուն վրայ:
Բանակը Աֆրինի եւ շրջակայքին կը ծաւալէ լայնածաւալ ու ազդու գործողութիւններ՝ ոչնչացնելով թիրախները:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Ֆրանսա։ Մինչեւ 24 Յունուար պիտի շարունակուի իր ուղեւորութիւնը, որու ծրագիրը պիտի սկսի մայրաքաղաք Փարիզէն եւ աւարտին պիտի հասնի Սթրազպուրկի մէջ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հիւրընկալեց ՀԲԸՄ-ի նախագահը:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Պերճ Սեդրակեան զրուցեցին հեռանկարային ծրագրերու շուրջ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն կարեւոր այցելութիւն մը տուաւ Գահիրէ։ Եգիպտոսի մայրաքաղաքը հասնելէ անմիջապէս վերջ Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ գահակալ նորին սրբութիւն Թաւատրոս Բ. պատրիարքին հետ։
Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը երէկ հիւրընկալեց իր ամենահաւանական յաջորդը։
Սերժ Սարգսեան փափաքելի կը նկատէ, որ երկրի ապագայ ղեկավարը ընտրուի խորհրդարանական լայնախարիսխ համագործակցութեան պայմաններուն ներքեւ։
Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ պիտի ջանայ արդարացնել իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած մեծ վստահութիւնը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն յայտարարութիւնը՝ Քրաքովի քննարկումներու մասին:
Եդուարդ Նալպանտեանի խօսքով՝ հայկական կողմը կ՚ակնկալէ, որ Պաքու վերահաստատէ իր յանձնառութիւնները:
Հայաստանի Լոռիի մարզի Սանահին գիւղին մէջ շուրջ մէկ տարիէ ի վեր կը գործէ «Հայու տուն» մշակոյթի եւ զբօսաշրջական կեդրոնը, որ մեծ հետա-քըրքրութիւն կը ստեղծէ զբօսաշրջիկներու մօտ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, «Մեսրոպ Մաշտոց» խօսքի մշակոյթի կեդրոնի նախագահ, «Հայու տուն» մշակոյթի եւ զբօսաշրջական կեդրոնի հիմնադիր Նատիա Անտոնեանի խօսքով՝ կեդրոնին մէջ Սանահինի երեխաները կը բեմադրեն հայկական հարսանիք եւ շարք մը աւանդական ծէսեր։
SanremoJunior մրցոյթին այս տարի կը մասնակցի նաեւ Հայաստանը։
«Վերածնունդ» միջազգային 9-րդ մրցոյթ-փառատօնի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցող SanremoJunior (Պատանիներու Սան Ռեմօ) երգի միջազգային 9-րդ մրցոյթի Հայաստանեան ընտրական փուլին, որ տեղի կ՚ունենայ Փետրուարի 7-ին Կիւմրիի մէջ, իսկ եզրափակիչ փուլը կը կայանայ Ապրիլի 18-ին Սան Ռեմոյի մէջ, Իտալիա։
Անգլիոյ մայրաքաղաքը՝ Լոնտոնի մէջ կանգնեցուած է վիթխարի ճարպաքանդակ մը, որպէսզի քաղաքացիները հարկադրուին մտածել իրենց աւելորդ կշիռքի մասին։ Վիթխարի ճարպաքանդակը պատրաստուած է իսկական կենդանական ճարպով։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
«Ակօս»ի հիմնադիրը այսօր կը վերյիշուի՝ իր դէմ գործուած մահափորձի 11-րդ տարելիցին առթիւ:
Հանգուցեալ Հրանդ Տինք կ՚ոգեկոչուի բիւր յարգանքով՝ արդարութեան սպասումներու մթնոլորտին մէջ: