ՁԵԶՄԷ Ի՞ՆՉ ՏԱՆԻՄ ՊԷՅՐՈՒԹ
Ինչպէս հաղորդած էինք, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան վերջերս այցելեց Պոլիս։ Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանի հետ ան Պոլիս եկած էր՝ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի հրաւէրով
Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ քննարկուեցան Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւնները։ Օրուան տեւողութեան տեղի ունեցան թէ՛ կառավարութեան եւ թէ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստերը։
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս, այսօր, Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան հանդիպում մը կ՚ունենայ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։ Այս տեսակցութիւնը կը կայանայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ։
Ինչպիսի՞ կերպար մը պէտք է մարմնաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան յաջորդ նախագահը։
Իսթանպուլի երեսփոխան Կարօ Փայլան երէկ հանդէս եկաւ մամուլին ուղղեալ լուսաբանութիւնով մը։ 12 Յունուար 2018 թուականին, «Աքշամ» օրաթերթը պատրիարքական ընտրութեան տագնապին վերաբերեալ հրատարակած էր լրատուութիւն մը, որուն բովանդակած պնդումները տարրական տրամաբանութենէ դուրս էին ու մենք ձեռնպահ մնացած էինք այդ մէկուն արձագանգ հանդիսանալէ՝ մեր համայնքի օրակարգը ապատեղեկատուութիւններով ծանրաբեռնելէ խուսափելու համար։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Աֆրին եւ Մենպիչէն սկսեալ Սուրիոյ ահաբեկչական լծակները պիտի ցրենք»:
TRT-ի ներկայացուցիչները երէկ խմբագրատունս այցելեցին տեսագրութեան համար:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ծիրէն ներս երկխօսութիւնը կը շարունակուի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Հայրենիքի շքանշանով պարգեւատրեց աշխարհահռչակ երաժիշտ Յովհաննէս Չեքիճեանը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալեց Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւը։