Լրահոս

ՎԻԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեան վեր­ջին օ­րե­րուն շփում­ներ ու­նե­ցաւ Թիֆ­լի­զի մէջ, ուր ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Վրաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Ան ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Վրաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կիոր­կի Քվի­րի­քաշ­վի­լիի հետ։

ԷԼ ՊԱՊԻ ՄԷՋ 14 ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը Սու­րիոյ հիւ­սի­սին կը շա­րու­նա­կեն յա­ռաջ տա­նիլ «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւ­նը, ո­րու ներ­կայ փու­լը կեդ­րո­նա­ցած է Էլ Պա­պը ձեռք ան­ցը­նե­լու նպա­տա­կին վրայ։ Բա­նա­կը ե­րէկ այս գոր­ծո­ղու­թեան շրջագ­ծով տուաւ ծանր կո­րուստ­ներ, ինչ որ խոր ցաւ պատ­ճա­ռեց բո­վան­դակ Թուր­քիոյ։

ՌՈՒՍ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԴԷՄ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՄԱՀԱՓՈՐՁԻՆ ԾԱՅՐԸ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ՖԷԹԷՕ-ԻՆ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Ան­գա­րա­յի մօտ Ռու­սաս­տա­նի դես­պան Անտ­րէյ Քար­լո­վի դէմ կա­տա­րուած մա­հա­փոր­ձին շուրջ։ Ըստ ի­րեն, այս դէպ­քի ա­ռըն­չու­թիւն­նե­րուն ծայ­րը կը հաս­նի ՖԷ­ԹԷՕ-ին։

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ՆՈՐ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՏՆՕՐԷՆԸ

Հա­յաս­տա­նի Մ­­շա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան եւ Սօս Սարգ­սեա­նի ա­նուան Հա­մազ­գա­յին թատ­րո­նի տնօ­րէ­նու­թեան ո­րոշ­մամբ՝ Հա­մազ­գա­յին թատ­րո­նի գեղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար նշա­նակ­ուած է բե­մա­դիր, թա­տե­րա­գիր Վի­գէն Չալտ­րան­եա­ն: «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղորդ­մամբ, այս մա­սին լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ հան­դիպ­մա­ն ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րեց Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեա­ն:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ Տօնական Ձեռնարկներ

Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը Ա­մա­նո­րեայ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն վրայ պի­տի ծախ­սէ 39 մի­լիոն դրամ՝ նա­խորդ տա­րի­նե­րու հա­մե­մատ մօ­տա­ւո­րա­պէս 20 մի­լիոն դրամ նուազ: Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տի տե­ղա­կալ Ա­րամ Սու­քիա­սեան վեր­ջերս ներ­կա­յա­ցու­ցած է՝ «Նոր Տա­րին Ե­րե­ւա­նի մէջ 2017» ձեռ­նարկ­նե­րու ծրա­գի­րը:

ԵՒՐՈԱՍԻՈՅ ՓԱՊՈՒՂԻ

Թուրքիա կ՚ապրի ենթակառուցուածքային հերթական վիթխարի ծրագիր մը կեանքի կոչած ըլլալու արդար հպարտութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ մասնակցութիւն բերին բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեան վեր­ջին օ­րե­րուն պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ա­թէնք, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Յու­նաս­տա­նի Նա­խա­գահ Փրո­քո­փիս Փաւ­լո­փու­լո­սի կող­մէ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՏԱՐՈՒԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻԿԸ

Հա­յաս­տա­նի Մար­զա­կան լրագ­րող­նե­րու դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ընտ­րեց 2016 թուա­կա­նի լա­ւա­գոյն մար­զի­կը։ Այդ կո­չու­մը շնոր­հուե­ցաւ ո­ղիմ­պիա­կան ա­խո­յեան Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեա­նին։ Հարկ է նշել, որ ըմ­բիշ Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեան ար­դէն եր­րորդ ան­գամ կ՚ընտ­րուի Հա­յաս­տա­նի լա­ւա­գոյն մար­զի­կը։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Թուր­քիա, Ռու­սաս­տան եւ Ի­րան պատ­րաստ են ե­րաշ­խա­ւո­րի դեր ստանձ­նել՝ Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն եւ ընդ­դի­մու­թեան մի­ջեւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հա­մար։ Այս ե­րեք եր­կիր­նե­րուն ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ հան­դէս ե­կան հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը՝ Սու­րիոյ առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին շուրջ։ Ե­ռա­կող­մա­նի յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ նշուած է, որ Սու­րիոյ տագ­նա­պը չու­նի ռազ­մա­կան լու­ծում։

Էջեր