«ՊՈՂԱԶԻՉԻ» ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԴԵՐԱՍԱՆՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ՝ ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԻ ԵՒ ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ ՀԻՄԱՆ ՎՐԱՅ
«Պողազիչի» համալսարանի դերասանները երէկ երեկոյեան ձեռնարկեցին ներկայ եղանակի իրենց ներկայացումներու շարքին։ Թատերախումբը այս տարի կը բեմադրէ «Բերայի մէջ երեկոյթ մը» խորագրեալ խաղը՝ հայ երկու երգիծաբաններու՝ Յակոբ Պարոնեանի եւ Երուանդ Օտեանի ստեղծագործութիւններուն հիման վրայ։