ՎՈԼՔԱՆ ՊՈԶՔԸՐ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԵՒՐՈՊԱ
Եւրոմիութեան գծով նախարար եւ աւագ բանագնաց Վոլքան Պոզքըր կը պատրաստուի այս շաբթուան տեւողութեան իրականացնել ուղեւորութիւն մը՝ Եւրոպայի մէջ բացատրելու համար Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչութեան դէմ ձեռնարկուած պայքարը եւ լուծման գործընթացին ուղղութեամբ անոր վճռակամութիւնը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, եւրոպական երկիրներէն ներս ունենալիք շփումներուն ընթացքին Վոլքան Պոզքըր երկխօսներուն տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ Թուրքիոյ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ ու պիտի մատնանշէ, թէ ահակեկչութեան դէմ ձեռնարկուած պայքարը չէ փոխած կառավարութեան վճռակամութիւնը՝ բարեփոխումներուն եւ լուծման գործընթացին ուղղութեամբ։
ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան հիւրընկալեց իր թիւրքմեն պաշտօնակից Պերտիմուհամէտովը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ՌԱԿ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի եւ Գանատայի մասնաճիւղին 83-րդ համագումարը:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադարի խախտումները կը շարունակուին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Դիլիջանի մէջ տեսակցեցաւ «Լոյս» հիմնադրամի մեծ ընտանիքի ներկայացուցիչներուն հետ: