ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀԸ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի գլխաւորութեամբ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ գումարուած Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի ժողովներու արդիւնքին հիման վրայ ճշդուեցաւ Թուրք զինեալ ուժերու հրամանատարութեան նոր կազմը։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նոյն նախարարութեան «Վազգէն Սարգսեան» ռազմական կաճառի եւ ռազմաուսումնական հաստատութիւններու տարեվերջի եզրափակիչ հանդիսութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ պարգեւատրեց մեր համայնքէն Էֆրիմ Պաղը եւ Սիպիլը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Խրիմի թաթարներու պատուոյ ղեկավար եւ Ուքրայնոյ երեսփոխան Մուսթաֆա Ապտիւլմեճիտ Քըրըմլըօղլուի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին Էրտողան յայտարարեց, թէ Թուրքիա չի ճանչնար Ռուսաստանի կողմէ Խրիմի բռնագրաւումը։
Բեմին վրայ եռանդուն, խանդավառ, սրամիտ եւ իսկական արուեստագէտի բոլոր տուեալներով տասնեակ տարիներէ ի վեր սերունդներ եւ սերունդներ հմայած ու տակաւին հմայող 91-ամեայ Շարլ Ազնաւուրին ներկայութիւնը իսկական հմայք մը ըլլալէ բացի, ոչինչ կրնայ ըլլալ եւ պահ մը հանդիսատեսին մտածել տալ, թէ ան շատ հեռու է նոյնիսկ 70-ամեակի դռները բախելէ:
Մոսկուայի առընթեր Երեւան զինուորական կապերը կը խորացնէ նաեւ Ուաշինկթընի հետ: