Լրահոս
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնաժողովը որոշեց վերականգնել Լեռնային Ղարաբաղը ամերիկեան օժանդակութիւն ստացողներու շարքին։ Նոյն յանձնաժողովը որոշեց նաեւ աւելցնել Հայաստանին համար յատկացուող գումարը։
ԻՐԱՆ ՆՈՐ ԷՋ ՄԸ ԿԸ ԲԱՆԱՅ ԱՇԽԱՐՀԻ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ գոյացած միջազգային համաձայնութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Երէկ, Վիեննայի մէջ, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան այս համաձայնութեան կապակցութեամբ։
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԷՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ
Պաքուի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ առաջնորդուիլ արմատական տրամադրութիւններով եւ իր սադրիչ քաղաքականութեամբ կը փորձէ լարուածութիւնը պահել բարձր մակարդակի վրայ։ Երէկ այս առումով ապրուեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։
ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԻՖԹԱՐԸ
Երէկ երեկոյեան Թաքսիմի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ իֆթարի հաւաքոյթ մը, որուն մասնակցեցաւ շուրջ երկու հազար հոգի։ Պէյօղլուի քաղաքապետարանին կողմէ պատրաստուած էր այս սեղանը, որ դարձած է աւանդական։
ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱԶԱՏՈՒԵՑԱՒ ՊԱՇՏՕՆԷՆ
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրի հիման վրայ, Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Յովհաննէս Մանուկեան երէկ ազատուեցաւ իր պաշտօնէն։
Ո՞Վ ՊԻՏԻ ԲՈՒԺԷ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՎԷՐՔԸ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Օրեր առաջ համացանցի վրայ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ խումբ մը մելգոնեանցիներու խմբագրած բաց նամակը ուղղուած Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանին: Անցնող տարիներուն մէկէ աւելի առիթներով խօսուած է նախկին մելգոնեանցիներու համախմբման մասին:
ՍՓԻՒՌՔԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑԻ 2015-Ի ԾՐԱԳՐԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
«Սփիւռք ամառնային դպրոց-2015» ծրագրի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը վերջերս տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, մասնակցութեամբ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի։ Երեւանի Պետական համալսարանի մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը, որ համախմբեց այս տարուան ծրագրին մասնակից 126 սփիւռքահայ կրթական մշակներ, որոնք Երեւան մեկնած են Ռուսաստանէն, Ուքրայնայէն, Վրաստանէն, Լիբանանէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Ռումանիայէն, Իտալիայէն, Սպանիայէն եւ Չախիայէն։
ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՆՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ
Ռազմիկ Փանոսեան վերջին օրերուն Երեւանի մէջ ունեցած շփումներուն շուրջ բացատրութիւններ տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկը ձեռնամուխ պիտի ըլլայ թարգմանական ծրագրերու՝ ներառեալ հայերէն եւ թրքերէն լեզուները:
ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՈՒ ՄՏԵՐԻՄ
ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետները տեսակցեցան՝ ամուր համախոհութեան մը ձեւաւորման ցանկութեան մթնոլորտին մէջ:
Տավուտօղլու-Քըլըչտարօղլու հանդիպումէն վերջ շփումները յառաջ պիտի տանին Էօմէր Չելիք եւ Հալուք Քոչ:

