Լրահոս
ՊԵԼԺԻԱ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ԵՂԵՌՆԸ
Պելժիոյ խորհրդարանը երէկ սկսաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի քննարկումներուն։ Վարչապետ Շարլ Միշէլ ընդգծեց, որ 1915-17 թուականներուն տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները պէտք է ճանչցուին որպէս ցեղասպանութիւն։
ԳՐԳՈՐԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Յայտնի գործարար ու բարերար նորոգ հանգուցեալ Գըրգ Գրգորեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ, ընտանիքին եւ մօտ հարազատներու նեղ միջավայրին մէջ, ըստ իր կտակին։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ին տեղեկութիւններ տուաւ «Գալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի խմբագիր Յարութ Սասունեան։
ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԸ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ
Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներու տառապանքները լուսարձակի տակ պահելու կոչ մը հնչեց Վատիկանէն, Արեւելեան եկեղեցիներու օգնութեան հասնելուն նպատակով կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին։ Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը յայտարարեց, թէ ոմանց համար հազարաւոր մարդոց կեանքերէն աւելի կարեւոր դարձած է զէնքն ու ուժանիւթը։
ՃԱԲՈՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպան Էյծի Թակուչի այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Նորին Սրբութիւնը նշանակման առթիւ շնորհաւորեց Էյծի Թակուչին եւ յոյս յայտնեց, որ նոր դեսպանի գործունէութեան շնորհիւ հայ-ճաբոնական յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի կը ջերմանան, երկու բարեկամ ժողովուրդներու համար կը բացուին համագործակցութեան նորանոր հեռանկարներ։
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ՀԵՏ
Յունահայոց Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ Տ. Խորէն Աբեղայ Առաքելեան, ընկերկացութեամբ Թեմական խորհուրդի փոխ-ատենապետ Մերուժան Հարթենեանի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Յունաստանի մասնաճիւղի ատենապետ Տիգրան Աբասեանի, հանդիպում մը ունեցաւ Յունաստանի հոգեւոր առաջնորդ Տ.Տ. Հերոնիմոս Բ.-ի հետ։
ԶԲՕՍԱՇՐՋԱՅԻՆ ՔԱՐՏԷՍ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՔԱՅԼԸ ՌԻՍՔԱՅԻՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման նպատակով Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատին արձագանգները կը շարունակուին։ Այս կապակցութեամբ, քաղաքագէտ Էդիկ Յովսէփեան «tert.am» կայքէջին ըրաւ յայտարարութիւններ։
ՏԷՄԻՐԷԼ ՎԱՂԸ ՀՈՂԻՆ ՊԻՏԻ ՅԱՆՁՆՈՒԻ
Թուրքիոյ Հանրապետութեան իններորդ նախագահ Սիւլէյման Տէմիրէլի մահը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել երկրի օրակարգը։ Սիւլէյման Տէմիրէլի յուղարկաւորութիւնը վաղը տեղի պիտի ունենայ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, պետական արարողակարգով նախատեսուած պատշաճութիւններու շրջագծին մէջ։
12-ՐԴ «ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ»Ը
Յուլիսի 12-ին Երեւանի մէջ սկսելիք փառատօնին ընդառաջ ստեղծուած է մեծ ոգեւորութիւն:
Կազմակերպիչներն ու հովանաւորները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն հիւրերու ակնկալութիւնները գոհացնելու նպատակով: