Լրահոս
ՁԱԽ ՅԱՐՈՒԹԻ 65-ԱՄԵԱԿԸ
Սփիւռքահայ յայտնի երաժիշտ ու երգիչ Յարութ Փամպուքճեան, որ յայտնի է Ձախ Յարութ անունով ալ, իր ծննդեան 65-ամեակին առթիւ, ինչպէս նաեւ հայ երաժշտական արուեստը ներկայացնելու իմաստով ունեցած նշանակալից աւանդին համար պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի վարչապետի յուշամետայլով։
«ԱՒԱԶԷ ԱՄՐՈՑԻ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ»
Քրիս Պոհչալեան իր գործերով կը գրաւէ գրասէրներու ուշադրութիւնը:
Մեծ եղեռնի մասին պատմող այս վէպը կը թարգմանուի բազմաթիւ լեզուներու:
ԳԱՆՁԱՍԱՐԻ ՎԱՆՔԻ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԸ
Արցախի մէջ գտնուող Գանձասարի վանքին կից պիտի կառուցուի մատենադարան մը, պետական պիւտճէով։ Շինութիւնը, ուր պիտի պահպանուին հին հայկական ձեռագիրներն ու մատեանները, 2004 թուականին կառուցուած էր որպէս հոգեւոր դպրատուն։
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական գրասենեակը կը կազմակերպէ հրապարակային դասախօսութիւն մը՝ հանրութեան ներկայացնելու համար Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի դատին զարգացումները։ «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը նոր հորիզոններու եւ մարտահրաւէրներու դիմաց» ձեռնարկին ժամանակ հրապարակային դասախօսութեամբ հանդէս պիտի գայ ականաւոր պատմաբան Փրոֆ. Թանէր Աքչամ։
ԿԱՐՍԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԺԵՒՈՐԵԼՈՒ ԿՈՉ
Կարսեցի գրող Իսա Եըլմազ վերլուծեց Կարսի պատմական յուշարձաններու այժմու կացութիւնը։ Ան նշեց, թէ քաղաքը իր պատմական միջավայրով անգտանելի գանձ մըն է շարժարուեստի ու գրականութեան տեսակէտէ, սակայն դժբախտաբար անոնք բարձիթողի վիճակի մէջ կը գտնուին այժմ։
ՏՈՒՐՍՈՒՆ ՉԻՉԷՔԻ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Զինեալ ուժերու նախկին գնդապետ Տուրսուն Չիչէք, որ ներկայիս դարձած է ՃՀՓ-ի երեսփոխան, խոստովանեցաւ, որ բանակը 2000-ականներու սկիզբէն համացանցային յատուկ կայքեր հաստատած էր՝ նպատակ ունենալով վարկաբեկել ԱՔ կուսակցութիւնը եւ անոր կողմէ հիմնուած կառավարութիւնները, ինչպէս նաեւ հայերը, քիւրտերն ու Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի շարժումը։
ՓԱԼՄԻՐԱ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ
«Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալները ականապատած են Սուրիոյ տարածքին գտնուող Փալմիրա հնագոյն քաղաքին աւերակները։ Ըստ հասած լուրերու, ականներ տեղադրուած են հնագոյն յուշարձաններու, ինչպէս նաեւ հռոմէական ամփիթատրոնին շուրջ։
ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐԻ ՄԱՍԻՆ ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՏՈՐ ՄԸ
Ֆոթոլրագրող Արա Կիւլէրի լուսանկարներով ճոխացած կենսագրական հատորը վերջերս լոյս տեսաւ «Ֆոթոկրաֆէվի» հրատարակչատունէն՝ «Աչք մը, մեքենայ մը եւ իրականութիւն» խորագրով։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ. «ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԿՐՕՆԱ-ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԻՐ ԽՂՃԻՆ ՄԷՋ ԻՐԱՒԱՅԱՋՈՐԴԻ ԴԻՐՔԸ ԿԸ ՎԵՐԱԳՐԷ ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻՆ»
Հրաւիրուած ըլլալով կազմակերպիչներուն կողմէ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան ելոյթ մը ունեցաւ շաբաթավերջին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հաւաքոյթին ընթացքին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր խօսքին բնագիրը, զոր ան որոշ յապաւումներով ներկայացուց՝ տեղաւորուելու համար կլոր սեղանի ժամկէտներուն մէջ։