ՈՒՈՐԼԻՔ ԶՐՈՒՑԵՑ ԿԱՐՄԻՐ ԽԱՉԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք տեսակցեցաւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, ամերիկացի համանախագահը այս շրջանին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքէն ներս կ՚իրականացնէ բազմաբնոյթ շփումներ։
«Եւրօ-2016» ֆութպոլի ախոյենութեան որակաւորման հանդիպումներուն շրջագծով, շաբաթավերջին, Երեւանի մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը հիւրընկալեց Փորթուգալը։ Սա հայկական ընտրանիի առաջին լուրջ քննութիւնն էր նորանշանակ աւագ մարզիչ Սարգիս Յովսէփեանի հսկողութեան ներքեւ։
Հանրապետութեան նախագահը աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Ատրպէյճանի մայրաքաղաքը՝ Պաքուի մէջ: