ԲՈՂՈՔ ՄԸ ԵՒՍ
Նորվեկիոյ Հելսինքեան կոմիտէի հաւատքի ազատութեան նախաձեռնութիւնը դատապարտեց Գատըգիւղի Ս. Երրորդութիւն յունաց եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յանձակումը եւ կոչ ուղղեց պատկան մարմիններուն, որպէսզի միջոցներու ձեռնարկեն պաշտամունքի վայրերն ու հաւատքի վերաբերեալ այլ վայրերը պահպանելու համար։
Ամերիկաբնակ արձակագիր Ալին Յովհաննէսեանի «Օրհանի ժառանգութիւնը» վէպը կ՚արժանանայ բարձր գնահատանքի։ Այսպէս, «Ամազոն» առցանց գրախանութը վէպը ճանչցաւ Ապրիլ ամսուան լաւագոյն գիրքը։
Եթովպիոյ հայ համայնքի ղեկավար Վարդգէս Նալպանտեան եւ իր դուստրը՝ իրաւաբան Գայիանէ Էլիզ Նալպանտեան այցելեցին Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւն, ուր հանդիպում մը ունեցան փոխ-նախարար Վահագն Մելիքեանի հետ։ Վերջինս կարեւորեց Եթովպիոյ հայ համայնքին հետ սերտ կապերու ամրապնդման, համայնքի պատմութեան ու ներկայ խնդիրներուն իրազեկ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք Երեւանի մէջ մէկտեղուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ, Նալպանտեան-Ուորլիք հանդիպումը տեւեց ընդամէնը հինգ վայրկեան, սակայն անոնք դուրս ելան միասին՝ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի ուղեկցութեամբ եւ հեռացան ինքնաշարժով։