ՖԻՏԱՆ ԳԱՀԻՐԷ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր կ՚այցելէ Գահիրէ՝ մասնակցելու համար Արաբական լիկայի ժողովին։ Թուրքիա շուրջ 13 տարուան ընդհատումէ մը վերջ հրաւիրուած է այս կազմակերպութեան ժողովին։ Արդարեւ, վերջին անգամ Թուրքիա 2011 թուականին Արաբական լիկայի ժողովին հրաւիրուած էր։
Հայաստանի հիւսիսին պատահած ջրհեղեղի ծանր հետեւանքները աստիճանաբար կը յաղթահարուին:
USAID-ի աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ գործել սկսաւ՝ հրատապ արձագանգման արդիականացեալ հարթակը:
Հայաստանի իշխանական վարչախումբը ծանր վիճակի մէջ յայտնուած է։ Քաղաքացիական պայմանագրի պաշտօնեաները յստակ կը գիտակցին, որ հնարաւոր իշխանափոխութենէն ետք ստիպուած պիտի ըլլան պատասխան տալ բազում հարցերու՝ մասնաւորապէս կապուած Արցախի հայաթափման, Հայաստանի աւելի քան 200 քառակուսի քիլօմեթր տարածքներու յանձնման, խոշոր չափերու հասնող կաշառակերութեան եւ այլ ապօրինութիւններու հետ, որոնց մասին հայկական լրահոսը ամենօրեայ պարբերականութեամբ նիւթեր կը հրապարակէ։ Իշխանութեան կորուստը պետութեան առանցքային բազմաթիւ դէմքերու համար կրնայ վերածուիլ ազատութեան երկարամեայ կորուստի մը, որ զանոնք կը մղէ ամէն գնով իշխանութիւնը պահելու մոլուցքին:
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր սկսած է 2024-2025 կրթական շրջանը։ Առաջին զանգը հնչած է նաեւ պոլսահայ վարժարաններէն ներս։ Վերամուտը կու գայ բնորոշել նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի վերաշխուժացումը։
«Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցին շուրջ Իրանի օրակարգին վրայ է նոյնիսկ ռազմական միջամտութիւնը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Անգլիոյ հետախուզութեան ծառայութիւններու՝ CIA-ի եւ MI6-ի ղեկավարներ՝ Ուիլիըմ Պէօռնս եւ Ռիչըրտ Մուր յօդուած մը հրապարակեցին «Financial Times»ի մէջ։ Այսպիսի համատեղ ստորագրութեամբ յօդուածի մը հրապարակումը աննախընթաց երեւոյթ մըն է։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը լաւ սկիզբ մը ըրաւ ՈՒԷՖԱ-ի ազգերու լիկին։ Այս մրցաշարքի C լիկի չորրորդ խմբակին մաս կը կազմէ Հայաստանի հաւաքականը, որ Երեւանի մէջ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լեթոնիան։
Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի երէկ հերթական անգամ անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի հաղորդակցային ուղիներու հաւանական ապաշրջափակման։ Ան վերահաստատեց Թեհրանի դիրքորոշումը, ըստ որու ապաշրջափակումը որեւէ անպատեհութիւն չունի, սակայն ապահովաբար այդ մէկը պէտք է տեղի ունենայ երկիրներու ազգային եւ պետական ինքնիշխանութեան ներքեւ։
Ամերիկահայ գիտնական, ձեռներէց եւ բարերար Նուպար Աֆէեան կը նախատեսէ նոր ներդրումներ ընել Հայաստանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նուպար Աֆէեանի «Afeyan Philanthropies» կազմակերպութիւնը, որու առաքելութիւնն է աւելի լաւ աշխարհ մը կառուցելու նպատակով լուծումներ գտնել, տեղեկացուց, որ Աֆէեան յանձնառու կը մնայ Հայաստանի աջակցութեան գործին մէջ։