ԵՌԱԿՈՂՄ ՆՈՐ ՁԵՒԱՉԱՓ
Թուրքիա-Էօզպեքիստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ համագործակցութեան խորացման հեռանկարներ:
Թաշքենթի մէջ հանդիպեցան այս երեք երկիրներու արտաքին գործոց, առեւտուրի եւ հաղորդակցութեան նախարարները:
Թուրքիա-Էօզպեքիստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ համագործակցութեան խորացման հեռանկարներ:
Թաշքենթի մէջ հանդիպեցան այս երեք երկիրներու արտաքին գործոց, առեւտուրի եւ հաղորդակցութեան նախարարները:
Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ խտացեալ շփումներ տեղի ունեցան։ Այսպէս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան նախընթաց օր շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ, ուր բարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի ղեկավարութեան կողմէ։
Հայաստանի բանակի այն զինուորները, որոնք հայրենիքի պաշտպանութեան ժամանակ հաշմանդամ դարձած են, շուրջ տարուան մը աշխատանքով բանեցին «Արեւագորգ»ը։ Այդ հաշմանդամ զինուորներն էին՝ Ռուսլան Թումանեան, Արթուր Յովհաննիսեան, Արթուր Կարապետեան, Նորայր Աւագեան եւ Սէյրան Սողոյեան։
Երեւանի Օփերայի բեմին վրայ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ իսկապէս շատ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, շուրջ կէս դար անց հայոց քաղաքամայրին մէջ բեմադրուեցաւ նշանաւոր «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ»ը։
Հայաստանի մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցաւ FemInno նորարարական միջազգային համաժողովը:
Կանանց նախաձեռնութեան մասնակիցները ծանօթացան նաեւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար թեքնոլոժիներու կեդրոնի գործունէութեան:
Հայաստանեան լրահոսին մէջ վերջին օրերուն մեծ աղմուկ յառաջացուցած է լուսանկար մը, որ լայնօրէն շրջանառութեան մէջ մտած է նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Այսպէս, խնդրոյ առարկայ դրուագը կը ցոլացնէ զբօսաշրջիկ մը, որ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի համայնապատկերին վրայ ինքնալուսանկարահանուած է՝ Թուրքիոյ գորշ գայլերուն բնորոշ շարժումը ընելով։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի հետ։ Այս վերջինը երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Շաբաթ երեկոյեան Գնալը կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթ մը, որ համախմբեց վարժարանի զանազան սերունդներէ սաներն ու համակիրները։ Ջրային մարզաձեւերու ակումբէն ներս տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու ընթացքին երաժշտական յայտագիր գործադրեց Արի Պարութօղլու։
Փութին Էրտողանին փափաք յայտնած է՝ թրքական «Պայրաքթար» անօդաչուներ ձեռք բերելու ուղղութեամբ:
Իպրահիմ Քալըն. «Եւրոպայի համար բնական կազ կարելի է մատակարարել Ռուսաստանի փոխարէն՝ TANAP-ի միջոցաւ»: