ՔԱՈՍ ԵՒ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ
Էնթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ. Միացեալ Նահանգներ պատրաստ է ներգրաւուիլ Հայաստան-Ատրպէյճան երկխօսութեան:
Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը Աղաւնոյի եւ Բերձորի բնակիչները զգուշացուցած է, որպէսզի մինչեւ 25 օգոստոս լքեն իրենց տուները: Արցախի խաղաղ բնակչութեան կեանքի իրաւունքը երաշխաւորուած չէ:
Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի՝ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան վերաբերեալ առկայ տարակարծութիւնները հասած են բանավէճի մը եզրին:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Սոչիի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Բանակցութիւնները տեւեցին 4 ժամ 15 վայրկեան եւ աւարտին երկու նախագահներու կողմէ հրապարակուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը։
«Foreign Policy» ամերիկեան հեղինակաւոր հանդէսին մէջ վերլուծութիւն մը լոյս տեսաւ՝ Մաքսիմիլիըն Հեսի ստորագրութեամբ։ Այս առթիւ մատնանշուեցաւ, որ եթէ Արեւմուտքը կը փափաքի կանխել Լեռնային Ղարաբաղի երրորդ պատերազմը, ապա պէտք է բանակցութիւններու նոր ձեւաչափ մը փնտռէ։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Յոյն համայնքի հիւանդանոցէն ներս երէկ ահաւոր հրդեհ մը ծագեցաւ. շուրջ ութ տասնեակ պատսպարեալները տարհանուեցան ահ ու սարսափի պայմաններով:
Արցախի ճակատի արիւնալի վերջին բախումներուն լոյսին տակ՝ շահագրգիռ դերակատարներուն միջեւ խտացեալ շփումներու մթնոլորտ, դիւանագիտական որոնումներ:
Արցախի ճակատէն դարձեալ զոհերու եւ վիրաւորեալներու մասին ահազանգային լուրեր կը հասնին: Ատրպէյճան պաշտօնապէս տեղեկացուցած է, որ իր բանակը ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկած է, հարուածային անօդաչու թռչող սարքերով հանդերձ: Ռուսաստան հաստատեց, թէ ո՛ր կողմը հրադադարը կը խախտէ:
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Հայկական համայնքներու բաժանմունքի կայքէջը դարձած է երկլեզու։ Երկար ամիսներու պատրաստութենէ վերջ արդէն թողարկուած է այս երկլեզու կայքէջը։
Թուրքիա-Ռուսաստան-Ուքրայնա-ՄԱԿ առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւնով՝ Սեւ ծովու միջանցքը սկսաւ գործարկուիլ հացահատիկի փոխադրութեան համար:
Արցախի արիւնալի իրադարձութիւնները լայն արձագանգ ստեղծած են նաեւ միջազգային գետնի վրայ։ Բախումներու սաստկացած մթնոլորտին մէջ երէկ Երեւան այցելեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ, որ ընդունուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։