Լրահոս

ՃՈՒՔԱՆՈՎԻՉ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Քարատաղի նախագահ Միլօ Ճուքանովիչը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ հարցեր։

ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՓՈԽ-ՏՆՕՐԷՆ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի փոխ-տնօրէն նշանակուեցաւ Շողեր Մարկոսեան։ Այս կարգադրութեան վերաբերեալ հրապարակուած պաշտօնական մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ նորանշանակ փոխ-տնօրէն Շողեր Մարկոսեան հիմնարկի հետ 2018 թուականէն ի վեր կը գործակցէր՝ որպէս խորհրդատու։

«ՈՒՔՐԱՅՆԱ ՊԷՏՔ Է ԶԻՋԷ»

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարար Հենրի Քիսինճըր Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի ընթացքին անդրադարձաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին։ 1970-ական թուականներուն պետական քարտուղարի պաշտօն զբաղեցուցած 98-ամեայ փորձառու գործիչը համոզուած է, թէ Ռուսաստանի հետ խաղաղութեան հասնելու համար Ուքրայնա պէտք է հրաժարի իր տարածքի մէկ մասէն։

ԴԷՊԻ ՏԻԵԶԵՐՔ

Երկիր մոլորակի ուղեծիր դուրս բերուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին արբանեակը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ մանրամասնութիւններ հաղորդեց ռազմավարական նախաձեռնութեան շուրջ:

«ԹՈՒՐՔԻԱ ԻՆՔԶԻՆՔ ԺԱՄԿԷՏԻ ՄԸ ՃՆՇՄԱՆ ՏԱԿ ՉԻ ԶԳԱՐ»

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ, Շուէտի եւ Ֆինլանտիոյ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան հեռանկարին Թուրքիոյ կողմէ դրուած արգելքը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն ուշադրութեան առարկայ մնալ միջազգային բեմահարթակի վրայ։

Էջեր