Լրահոս

ԴՐԱԿԱՆ ՈՒ ՇԻՆԻՉ

Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ նոր փորձի մթնոլորտին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումը: Մոսկուայի քննարկումները տեւեցին շուրջ մէկուկէս ժամ եւ երեք մայրաքաղաքներն ալ անմիջապէս արձագանգեցին այս ժամադրութեան:
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ շարունակելու համար լիարժէք կարգաւորման առաջադրութեամբ բանակցութիւնները՝ առանց նախապայմանի: Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի յաջորդ տեսակցութեան վայրն ու թուականը պիտի որոշուին դիւանագիտական միջոցներով, անոնք ուղիղ կապ պիտի ունենան:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի սրահին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ ոգեկոչման երեկոյթ մը, որ ձօնուած էր մօտաւոր անցեալին մահացած հրապարակագիր եւ իրաւաբան Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի յիշատակին։ Լիբանանահայ Գրական շրջանակի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու յայտագրի գործադրումը սկսաւ Անի Քեսթենեան-Պասեթի ողջոյնի խօսքով։

ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիմագրաւած լուրջ տագնապին վերաբերեալ ահազանգը արձագանգ գտաւ նաեւ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ, որ անդունդի եզրին հասած թերթիս յարատեւման պայքարին զօրակցելու նպատակով ծաւալուն հարցազրոյց մը հրատարակեց մեր գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ:
«Ներկայ պահուն որեւէ անհատի կամ որեւէ կառոյցի պարտական չենք։ Ունինք այն վստահութիւնը, թէ ստեղծուած կացութիւնը ձախողման մը հետեւանքը չէ։ Մեր կոչը կը խարսխենք այն տրամաբանութեան վրայ, թէ ժամանակաւոր խնդիրները պէտք չէ թոյլ տանք, որ մեզմէ անժամանակ, մշտական արժէքներ խլեն։ Եթէ չունենանք գիտական, մշակութային, լրատուական կամ կրթական զանազան կառոյցներ, որոնք նոր ժամանակներուն յարմար գործունէութիւն կը ծաւալեն, մեր պատմութիւնն ալ կորսուելու սպառնալիքի ենթակայ է, որովհետեւ պատմութիւն ըսուածը ներկայ պահը կենսունակութեամբ ապագային շաղկապելու, ապագայի հետ օղակելու երեւոյթ է: Եթէ չկարողանանք այս պատմական լրատուամիջոցի ապագան պատրաստել, կը նշանակէ, որ անոր պատմութիւնն ալ մսխած պիտի ըլլանք»:

ՆՈՐ ԻՐԱՎԻՃԱԿ, ՆՈՐ ՓՈՐՁ

Անգարայէն եւ Երեւանէն դրական պատգամներ կը տրուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ, այս փուլին որեւէ խօսք կամ ակնարկութիւն չկայ Զանգեզուրի միջանցքի խնդրայարոյց օրակարգին շուրջ:
Թուրքիա-Հայաստան փոխյարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս թարմ մեկնարկ. այսօր յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի սպասուած առաջին ժամադրութիւնը Մոսկուայի մէջ:

ԴԱՐՁԵԱԼ ՍԵՂԱՆԻ ԳԼՈՒԽ

Վերլուծաբաններու հետ զրոյց «Ազատութիւն»ի եթերին. «Թուրքիոյ հետ դրական տեղաշարժ ապահովելը շնչելու հնարաւորութիւն պիտի տայ Հայաստանին»:
Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի Մոսկուայի վաղուայ առաջին ժամադրութեան ընդառաջ գործընթացը բոլոր երեսակներով խոշորացոյցի տակ առնուած է զանազան հարթութիւններու վրայ:
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման հերթական փորձը կ՚արժեւորուի տարածաշրջանի նոր իրադրութեան ու վերաձեւաւորեալ հաւասարակշռութիւններու պայմաններուն ներքեւ:

ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրավիճակը եւ Ղազախիստանի իրադարձութիւնները։

ԱՆԷԱՑՄԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ

«Իրականութեան մէջ, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը մտաւորական ժառանգականութեան վառ օրինակ մըն է եւ Թուրքիայէ ներս հայերու ներկայութեան խորհրդանիշ»:
Երեւանի «Ալիք մետիա» կայքէջը արձագանգեց թերթիս կողմէ հնչեցուած ահազանգին՝ յայտնի մտաւորական ու հասարակական գործիչ Տիգրան Պասկեւիչեանի ստորագրած յօդուածով:

Էջեր