Լրահոս

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍ ՕԼԻՎԻԷ ԿՈՎԵՆԻ ԿՈՂՄԷ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Ֆրանսական Նոթրը-Տամ-տը-Սիոն լիսէին մէջ կը շարունակուի «Ֆրանսերէնը՝ որպէս քաղաքային հայելի» վերնագրեալ ցուցահանդէսը, որ կ՚արժանանայ հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան։

19 ՄԱՅԻՍ-Ի ԱԹԱԹԻՒՐՔԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ, ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ՏՕՆԸ ԱՅՍՕՐ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ԲՈՎԱՆԴԱԿ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր մեծ շուքով կը նշուի Մայիսի 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս առիթ կը դառնայ քաղաքացիական խոր գիտակցութեան թարմացման։

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Քննարկումներու ընթացքին, հասկնալիօրէն, առաջնահերթութիւն ցուցաբերուած է Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին նկատմամբ։

«ԱՄՆ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ԱՐՑԱԽԻ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՍԵՓԱԿԱՆ ԱՊԱԳԱՆ ՈՐՈՇԵԼՈՒ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ»

Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի յայտարարեց, որ իր երկիրը կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան դերակատարութիւնը՝ սեփական ապագան որոշելու հարցին մէջ։

ՄԱՅԻՍ 18-Ը «ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ»

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

1977-էն ի վեր եւ ամէն տարի մայիս 18-ին, աշխարհի աւելի քան 150 երկիրներէ ներս, ներառեալ Հայաստանը, կը նշուի «Թանգարաններու միջազգային օր»ը:
Ասոր կողքին, վերջին տարիներուն, մեր հայրենիքէն ներս ձեւաւորուած է նոր եւ գեղեցիկ աւանդոյթ մըն ալ:

Էջեր