Լրահոս

ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եիի հետ։ Անոնք անդրադարձան Երեւանի եւ Փեքինի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեայ յոբելեանին։

ՀԱՐԹԵԼ «ՄԵՆՔ» ԸՍԵԼՈՒ ՃԱՄԲԱՆ

Փորձառու դիւանագէտ, վաստակեալ դեսպան Էօզտեմ Սանպերկ գրի առած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ յօդուած մը, որ արձագանգ գտած է շարք մը առցանց լրատուամիջոցներու մօտ։ 24 ապրիլի ընդառաջ, հայկական հարցի դրսեւորումներու դիտարկման լոյսին տակ, Էօզտեմ Սանպերկ խորհրդածութիւններով հանդէս եկած է Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու այժմու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԱՇԽԱՐՀԸ, ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԵՒ... ՄԵՆՔ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Եթէ «իզմ»երու՝ գաղափարախօսութիւններու, վարդապետութիւններու համար չէ ներկայ պատերազմին ենթախորքը, ապա անպայման պէտք է վերադառնալ քրիստոնէական հիմքերուն։
Ուղղափառ Ռուսաստանը, որ երկար դարերու հզօրութիւն եւ անցեալ ունի, այսօր կը փորձէ ճեղքել Արեւմուտքի կողմէ ստեղծուած բաւականին «ուժեղ» բեւեռը։

ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ

«Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին առընչութեամբ տակաւին շատ հարցեր մնացած են չլուծուած»:
Մոսկուայի մէջ համատեղ յայտարարութիւն. Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին կ՚ողջունեն Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ գործընթացը, որ սկսած է Ռուսաստանի աջակցութեամբ:

ՀԱՅՃԱՐ-Ի ԿՈՂՄԷ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ ՊԱԼԵԱՆՆԵՐՈՒ ԳԻՐՔԻՆ ԵՐՐՈՐԴ ՏՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Կը տեղեկանանք, որ ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ հրատարակուած՝ Պալեան գերդաստանի վերաբերեալ գիրքի արդէն երրորդ տպագրութիւնը իրականացած է։ «Պալեաններ» վերնագրեալ այս գիրքի առաջին տպագրութիւնը կատարուած էր 2020 թուականի ապրիլին։ Անցեալ տարուայ հոկտեմբերին արդէն երկրորդ տպագրութիւնը կատարուած էր։

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ Անգարայի մէջ մասնակցեցաւ՝ նախագահ Էրտողանի ներկայութեամբ կազմակերպուած իֆթարին, որ տեղի ունեցաւ ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնատեղիէն ներս:
Մայրաքաղաքի դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն համար նախատեսուած ընթրիքին հրաւիրուած էին նաեւ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները:

ԱՆԵԼ ԵՒ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պաշտօնական այցելութիւն. Հայաստանի վարչապետն ու Ռուսաստանի նախագահը այսօր ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ:
Նիկոլ Փաշինեան Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ընդառաջ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Շարլ Միշելի հետ: Արցախը միշտ տաք օրակարգ:

Էջեր