23 ԱՊՐԻԼԻ ԵՌՈՒԶԵՌ
Մեծն Աթաթիւրքի անգին աւանդի արժեւորման վառ փուլերէն մին, որ կը համախմբէ ամբողջ երկիրը:
Ազգային գերիշխանութեան եւ մանկանց տօնի օրը կը նշուի նաեւ խորհրդարանի հիմնադրութեան տարեդարձը:
Մեծն Աթաթիւրքի անգին աւանդի արժեւորման վառ փուլերէն մին, որ կը համախմբէ ամբողջ երկիրը:
Ազգային գերիշխանութեան եւ մանկանց տօնի օրը կը նշուի նաեւ խորհրդարանի հիմնադրութեան տարեդարձը:
Հայաշխարհը 24 ապրիլի ոգեկոչումներուն կոչուած՝ արդի մարտահրաւէրներուն դիմակայելու հրամայականին:
1915-էն 107 տարի անց, ցեղասպանութեան զոհերու վերյիշումը՝ Մեծ եղեռնի տարելիցը հայմայն հայութեան ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին վրայ, ուր կատարուած աղօթքները, սուրբերու բարեխօսութեան հայցը, զետեղուած ծաղիկներն ու ծխուած խունկը կը խորհրդանշեն խաղաղ ապագայ մը կերտելու ձգտումն ու կամքը:
Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել, որ մօտաւոր անցեալին Պրիւքսելի մէջ մէկտեղած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
«70 տարեկանէդ վերջ ամէն մարդ քեզ կը սիրէ, որովհետեւ այլեւս չես կրնար մրցակից ըլլալ ոեւէ մէկուն», ըսած էր առիթով մը Չեթին Ալթան։ Լաւ բանաձեւում է, իսկապէս...
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան պատրաստակամութիւն չեն յայտնած՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան աշխատանքը վերսկսելու համար։
Ֆրանսացի յայտնի երգիչ Կարու այս օրերուն Երեւանի մէջ է, ուր ջերմօրէն կ՚ողջունուի երաժշտասէրներու կողմէ։ Ան երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս։
Դեռահաս տղայի եւ իր շունին մասին պատմող հայկական ժապաւէնը շուտով կը սկսի ցուցադրուիլ։
Յառաջիկայ մայիսի 5-ին Երեւանի մէջ ճերմակ պաստառ կը բարձրանայ բեմադրիչ Արտեոմ Յարութիւնեանի նոր գեղարուեստաւան շարժանկարը՝ «Պոլլի»ն, որու առաջին ծանօթացումները արդէն հասանելի է համացանցի վրայ։
«Կոմիտաս» ներկայացումը մրցանակի արժանացաւ «Տիրեքլերարասը» մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս:
Դերասան Ֆեհմի Քարաասլանի առընթեր, պարգեւատրեալներու շարքին էր նաեւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աւարտեց դէպի Մոսկուա իր պաշտօնական այցելութիւնը։ Ծրագրի եզրափակիչ փուլին Նիկոլ Փաշինեան ծաղկեպսակ մը զետեղեց Անծանօթ զինուորի շիրիմին, նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյի, Պետական տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտինի եւ վարչապետ Միխայիլ Միշուստինի հետ։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես կը ծրագրէ այցելել Մոսկուա եւ Քիեւ ու այս նպատակով դիմած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի։ Իր բանբերը՝ Ստեֆան Տիւժարիք տեղեկացուց, որ համապատասխան պաշտօնական նամակները արդէն ուղարկուած են։