ԵՐՐՈՐԴ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կ՚ընթանայ երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի շփումներով։ Անգարայի եւ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ նոյնաժամանակ տեղեկացուցին, որ յատուկ ներկայացուցիչներու հերթական՝ արդէն երրորդ ժամադրութեան մանրամասնութիւնները յստակացած են։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ այցելութեան մը ձեռնարկեց դէպի Սէուտական Արաբիա՝ Սելման թագաւորի հրաւէրին ընդառաջ։ Այս ուղեւորութիւնը կը յաջորդէ Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ տագնապալի շրջանի մը եւ կը համարուի նոր էջի մը բացուիլը։
Վերջին օրերու շարժման զուգահեռ՝ Հայաստանի ընդդիմութիւնը մեծ հանրահաւաքի մը կը պատրաստուի:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադարձաւ՝ Քոնկրէսէ ներս, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի լսումներուն ժամանակ։
Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան բացառիկ հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ:
Մեր աշխատակից Վարանդ Քորթմոսեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Դէպի Հնդկաստան աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այցելեց Մումպայ, որ կը համարուի այդ երկրի ելմտական կեդրոնը։ Ան այց մը կատարեց Մումպայի հայկական առեւտրային գրասենեակը, որ կը գործէ Հայաստանի տեղւոյն պատուոյ հիւպատոսութեան առընթեր։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։ Զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի հրատապ օրակարգին վերաբերեալ զանազան հարցեր։
Հայաստանի ընդդիմութիւնը այս օրերուն յամառօրէն յառաջ կը տանի բողոքի նոր ալիք մը, որու դրսեւորումները զգալի կը դառնան՝ մանաւանդ մայրաքաղաք Երեւանի կեդրոնին, ուր յաճախ առօրեան դուրս կու գայ բնականոն հունէն։