Լրահոս

ՊԵՇԹԵՓԷԻ ՄԷՋ ԻՖԹԱՐ

Հանրապետութեան նախագահը երէկ երեկոյեան ընթրեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներուն եւ աշխարհական վարիչներուն հետ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առընթեր, հրաւիրեալներու շարքին էին Թրքահայ վաքըֆներու միութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան:
Անգարայի հաւաքոյթը ընթացաւ ջերմ մթնոլորտով, մասնակիցներու կարգին էին Կրօնից տեսուչ փրոֆ. Ալի Էրպաշ, նախարարներ եւ պետական աւագանիէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ: Նորին Ամենապատուութիւնը ուշ երեկոյեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ:

ՖՐԱՆՍԵՐԷՆԸ ՈՐՊԷՍ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ՀԱՅԵԼԻ

Նոթրը-Տամ-տը-Սիոն ֆրանսական լիսէին մէջ երէկ երեկոյեան բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը, որ կը կոչուի «Ֆրանսերէնը՝ որպէս քաղաքային հայելի»։ 1850-1950 թուականներու կտրուածքով հրապարակուած գովազդներու համայնապատկերին վրայ մատուցուած է այս ցուցահանդէսին իսկապէս հետաքրքրական նիւթը, որ լոյս կը սփռէ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ ֆրանսերէնի հասարակական կեանքէն ներս ունեցած դերակատարութեան վրայ։

ԱՆԽԱՓԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Էրտողան հեռաձայնով զրուցեց Վլատիմիր Փութինի հետ, որ երէկ հիւրընկալեց Անթոնիօ Կութերեսը:
Ըստ Պլինքընի, Ռուսաստան լուրջ չի վերաբերիր դիւանագիտական լուծման ուղղեալ բանակցութիւններու նկատմամբ:

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ-ՄՈՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նոր Տելհիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ։ «Ռայսինայի երկխօսութիւն» համաժողովի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։

ՊԼԻՆՔԸՆ. «ԱՄՆ ԴԷՄ Է ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ՍՐՄԱՆ»

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ իր երկիրը հանդէս կու գայ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ առկայ հակամարտութիւնը երկարաժամկէտ սկզբունքով լուծելու ի նպաստ, ինչպէս նաեւ դէմ է այս առումով միակողմանի քայլերու։

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կողմէ պատուիրակութիւն մը։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի եւ Լիբանանի մասնաճիւղի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան կազմին մէջ էին միութեան զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներ։

«ՈՒՐԲԱԹ, ՇԱԲԱԹ, ԿԻՐԱԿԻ»

Իզմիրի մէջ կազմակերպուած, Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու հարցերուն վերաբերեալ աշխատաժողովը այսօր կ՚եզրափակուի։ Եւրոմիութեան քաղաքացիական հասարակութեան խրախուսման ուղղեալ ծրագիրներու շրջանակին մաս կազմած է այս աշխատաժողովը, որու շրջանակներէն ներս երէկ բացուեցաւ «Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի» խորագրեալ յայտնի ցուցահանդէսը։

ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ԳԱԳԱԹ

Մկրտիչ Արծիւեան կը տեղեկացնէ Իզմիրէն.-

«Տեսփերթար» (զարթօնք) անուանումին ներքեւ կ՚արծարծուին օրակարգային հրատապ խնդիրներ:
Ճան Ուստապաշը այս առաւօտ կարեւոր հրապարակումներ ըրաւ առկախեալ ընտրութիւններու հարցի լուծման հեռանկարներուն շուրջ:
Եւրոպական Միութեան գանձատրումով Իզմիրի մէջ աշխատաժողով՝ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու հարցերուն շուրջ:

Էջեր