Լրահոս

ՄԱՔՐՈՆ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՓՈՒԼԻՆ

Երէկ, Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն։ Սա առաջին փուլն էր, որմէ յաղթական դուրս եկան երկրի այժմու ղեկավարը՝ Էմմանիւել Մաքրոն (27.6%) եւ «Ազգային Ճակատ»ի ղեկավար Մարին լը Փեն (23.4%)։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԱՆԵԼ

«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա պատրաստակամ չեն Ռուսաստանի հետ համագործակցելու համար ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափով»:
Մոսկուա համոզուած է, թէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացումով տարածաշրջանի մթնոլորտը կ՚առողջանայ:

ՊՐԻՒՔՍԵԼԷ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նախընթաց օր Պրիւքսելի մէջ՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։

ԷՐՏՈՂԱՆ-ԱԼԻԵՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին Ալիեւ Էրտողանի հետ քննարկեց՝ նախօրէին Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հանդիպման արդիւնքներն ու առնուած որոշումները։

ԱՔԱՐ-ՇՈՅԿՈՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարները առաջնահերթօրէն շօշափեցին Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին վերաբերեալ զանազան հանգամանքներ։

ՀԱՐՎԸՐՏԻ ՄԷՋ ԱՍՈՒԼԻՍ

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու հարցերուն շուրջ արտասահմանեան քննարկում:
Իրաւաբան Էօմէր Քանթիկ բացատրեց սեփականութեան իրաւունքի խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ առնուած աննախընթաց քայլերը:

ՆՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ, ՆՈՐ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ

Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ, Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ երէկ շուրջ չորս ժամ բանակցեցան Պրիւքսելի մէջ. ԵՄ-ի աղբիւրները տեսակցութիւնը որակեցին գերազանց:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման համար մինչեւ ամսավերջ պիտի ստեղծուի երկկողմանի յանձնաժողով մը, որ հետամուտ պիտի ըլլայ նաեւ սահմանի վրայ անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովման: Արտաքին գործոց նախարարներուն կը յանձնարարուի սկսիլ նախապատրաստական աշխատանքներու՝ խաղաղութեան բանակցութիւններու համար:

ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Պրիւքսել, ուր այսօր նախատեսուած է իր հանդիպումը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Փաշինեան եւ Ալիեւ արդէն երկրորդ անգամ այսօր կը տեսակցին՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։

ԿՈՒԹԵՐԵՍ ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՀԱԶԱՆԳ ՀՆՉԵՑՈՒՑ ԿԼԻՄԱՅԻ ՀԱՐՑՈՎ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտարարեց, որ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի համար տրուած ի զուր խոստումները կը կազմեն ամօթալի թղթածրար մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարը շարունակեց ահազանգ հնչեցնել կլիմայի փոփոխութեան հարցին շուրջ։

Էջեր