ԼՐԱԳՐՈՂ ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒ Կ՚ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԲԵՐՈՒՄՈՎ
Հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն ներս այս օրերուն ցաւալի իրադարձութիւն մը արձագանգ գտած է։ Այսպէս, լրագրող-հրապարակագիր վերլուծաբան Թաթուլ Յակոբեան տեղեկացուցած է, որ մասնագիտական գործունէութիւնով պայմանաւորուած կը թիրախաւորուի։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Երեւանի մէջ լոյս աշխարհ եկած է Արի Քենտիրլի-Արեւիկ Պապայեան ամոլի երկրորդ որդին, որ անուանուած է՝
Ժամանակն է որդեգրել՝ Ազգային Սահմանադրութեան նմանութեամբ կանոնադրութիւն մը, որով աշխարհականներ եւս մասնակից պիտի կարողանան դառնալ վանքի կալուածներու եւ թանգարանային հարստութեան տնօրինումին ու վերահսկողութեան։ Բարեկարգութեան օրակարգը կը մնայ բաց վէրքի մը նման, որ կը կոտտայ:
Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակի ստեղծման շուրջ ծաւալուած երկարատեւ քննարկումներէն եւ հրապարակումներէն վերջ, երէկ, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ առաջին ժողով մը։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնն ու բախումները չեն դադրիր՝ ընդ որում վերջին մէկ-երկու օրերուն դարձեալ սկսած են խլել զոհեր։ Ատրպէյճանի զօրքերը երէկ դարձեալ յարձակում գործեցին հայկական մարտական դիրքերու վրայ։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն Էլիզէի պալատին մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը, որ պաշտօնը ստանձնելէ վերջ անդրանիկ արտասահմանեան այցելութիւնը տուաւ Փարիզ։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ պատմաբան ու դիւանագէտ Ժիրայր Լիպարիտեանի կողմէ հեղինակուած «Հայաստան-Թուրքիա. պետականութիւն, պատմութիւն, քաղաքականութիւն» գիրքին շնորհանդէսը։ Այս հետաքրքրական գործը վերջերս «Անտարես» հրատարակչութենէն լոյս տեսած էր։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին եւ Քաթարի էմիրին միջեւ ջերմ ու ծաւալուն տեսակցութիւն:
Հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումն ու սահմանազատում-սահմանագծումը փոխկապակցուած չեն:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ, ուր երէկ տեսակցեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ լը Մուանի հետ։ Այս առթիւ ստորագրուեցաւ Հայաստան-Ֆրանսա տնտեսական համագործակցութեան 2021-2026 թուականներու ճանապարհային քարտէսը։