ԷՐՏՈՂԱՆ-ՌԱՅԻՍԻ ԶՐՈՅՑ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպարհիմ Ռայիսիի հետ։ Թեհրանի աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները առաջնահերթօրէն քննարկեցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ հարցերը։
Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Հարաւային Կովկասի համար Թուրքիոյ կողմէ առաջարկուած եւ Ռուսաստանի աջակցութեան արժանացած «3+3» ձեւաչափով հարթակի ստեղծման ուղղեալ աշխատանքները այսօր նոր հարթութիւն կը թեւակոխեն։ Արդարեւ, Մոսկուայի մէջ այսօր նախատեսուած է սոյն ձեւաչափով առաջին հանդիպումը՝ արտաքին գործոց փոխ-նախարարներու մակարդակով։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութիւնը կը շարունակուի։ Կը հաղորդուի, որ երէկ դէպքեր պատահած են այս անգամ սահմանի Գեղարքունիքի մարզի հատուածէն ներս։
Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ «Մուրացան» հիւանդանոցը համալրուած է նոր սարքաւորումներով։ Համալսարանի համալիրին մաս կը կազմէ այս հիւանդանոցը, որու թունաբանութեան ու մանկական վերակենդանացման բաժանմունքին համար ապահովուած է՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ արտադրուած մասնաւոր խցիկ մը։
Երեւանի Նկարիչներու տունը ներկայ տարեվերջին գեղարուեստասէրներու ժամադրավայրը հանդիսացած է։ Այսպէս, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է ցուցահանդէս մը՝ «Սալոն 2021» անուանումով։
Հայ մամլոյ նահապետին մատնուած բախտորոշ կացութիւնը աննախընթաց շարժումի մը ծնունդ տուած է զանգուածային լրատուութեան միջոցներու աշխարհէն ներս:
Հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհի երիցագոյն ներկայացուցիչներէն Պոսթոնի «Հայրենիք»ը յատուկ խմբագրականով մը արձագանգեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ահազանգին։ Հայ իրականութեան այս հեղինակաւոր լրատուամիջոցին կողմէ թերթիս նկատմամբ արտայայտուած աջակցութեան համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոր խմբագրութեան ու մանաւանդ իր գլխաւոր խմբագրին՝ մեր սիրելի պաշտօնակից-բարեկամ Զաւէն Թորիկեանին։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Տոհա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախատեսուած է նախագահ Սարգսեանի հանդիպումը՝ Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համիտ էլ Թանիի հետ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի պարագային նախատեսուած «3+3» բանակցային ձեւաչափը կրնայ հետաքրքրական ըլլալ՝ եթէ պարզուի, որ այդ հարթակին վրայ պիտի չքննարկուին այնպիսի հարցեր, որոնց քննարկման շուրջ հայկական կողմը այլ ձեւաչափերու մէջ ներգրաւուած է։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաքուի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ նախարարները քննարկած են տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները։