ԱՐԴԱՐԱՑՄԱՆ ՀՆԱՐՔՆԵՐ
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
«Քաղաքացիական պայմանագիր»ական պատգամաւորներէն մին, որ կեներալի կոչում ունի, ի պատասխան կին լրագրողի մը՝ կորսնցուած տարածքներու մասին հարցումներուն, ձեռքերը պարզեր է անոր ուղղութեամբ ու բացագանչեր. «Երթայիք, պահէիք, չտայիք այդ տարածքները»։ Ի՞նչ խօսք, իշխանութիւնը որդեգրած է պարտութեան համար արդարանալու բաւական ինքնուրոյն մեթոտներ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական Աթոռի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ եւ ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Պալեաններու ոգեկոչման այս տարի մասնակցեցաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետը:
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Ճէյմս Օսթինի հետ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները ընդգծեցին իրենց կողմէ ընծայուած կարեւորութիւնը՝ երկու երկիրներու միջեւ ռազմական յարաբերութիւններու ամրապնդման նպատակով։
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի շուրջ վերջին շփումներու լոյսին տակ ընդհանուր արժեւորում:
Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահական ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ զրոյցը, որու ընթացքին Սարգսեան եւ Փաշինեան քննարկեցին արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներու յաղթահարման վերաբերեալ հարցեր։
Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ սգահանդէս մը տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ երգիչին համար:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ Սոչիի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով այս հանդիպման վերաբերեալ հրապարակեց կարգ մը մանրամասնութիւններ, ըստ որոնց երկու նախագահներու օրակարգին վրայ գտնուած են տարածքաշրջանային հակամարտութիւններու խնդիրները։
Թեհրան-Պաքու առանցքին վրայ առկայ լարուածութիւնները կը շարունակուին։ Վերջին շրջանին անոնց միջեւ տարակարծութիւններ ծայր տուած են՝ Գորիս-Կապան ճանապարհի՝ Ատրպէյճանի կողմէ վերահսկուած հատուածներէն ներս Իրանի բեռնատարներուն դէմ ցուցաբերուած վերաբերմունքին համար:
Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունեց Երեւանի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Անն Լիւյոն։