ԻՐԱՆ ԴԺԳՈՀ
Թեհրան-Պաքու առանցքին վրայ առկայ լարուածութիւնները կը շարունակուին։ Վերջին շրջանին անոնց միջեւ տարակարծութիւններ ծայր տուած են՝ Գորիս-Կապան ճանապարհի՝ Ատրպէյճանի կողմէ վերահսկուած հատուածներէն ներս Իրանի բեռնատարներուն դէմ ցուցաբերուած վերաբերմունքին համար:
Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունեց Երեւանի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Անն Լիւյոն։
Մայրաքաղաքի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի հերթական ժողովը:
Հայաստանի կառավարութիւնը ընդունեց 2022-ի պետական պիւտճէի նախագիծը, որ պիտի յղուի խորհրդարան:
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ երգիչ ու երգահան Հայկոյի (Հայկ Յակոբեան) յուղարկաւորութեան տխուր արարողութիւնը։ Կոնդ թաղամասի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ հրաժեշտ տրուեցաւ համակրելի երգիչին։
Երէկ, Երեւանի մէջ բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը։ «Սուրբ Հոգիի թռչունը» խորագրեալ այս ցուցահանդէսով գեղարուեստասէրներու տրամադրութեան տակ դրուած են նկարչուհի Քրիստինէ Օգանեզզիի ստեղծագործութիւնները։
Անգարայէն հերթական անգամ դրական յայտարարութիւններ հնչեցին՝ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարին շուրջ։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Թուրքիա դրական վերաբերմունք ունի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին շուրջ։
Նախագահներ Էրտողան եւ Փութին երէկ սպասուած անկիւնադարձային առանձնազրոյցը ունեցան Սոչիի մէջ:
Հայկական երաժշտական աշխարհը երէկ կրեց ցաւալի կորուստ մը. ոչ եւս է սիրուած մեներգիչ Հայկօ, որ զոհ գնաց քորոնաժահրի համաճարակին։ Երգիչ ու երգահան Հայկոյի առողջական վիճակի վատթարացման մասին վերջին օրերուն լուրեր կը հասնէին Երեւանէն, սակայն բոլորը հակուած էին իրենց յոյսը պահել։
«Freedom House» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը ներկայիս ահազանգ կը հնչեցնէ Հայաստանէ ներս ժողովրդավարութեան եւ խօսքի ազատութեան յետընթացին մասին։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, այս հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը վերջին օրերուն իրերայաջորդ երկու անգամ Հայաստանին կոչ ուղղեց, որպէսզի դադրեցուի՝ երկրի օրէնսդրութեան մէջ նոր ընդգրկուած «Ծանր վիրաւորանք» յօդուածի գործադրութիւնը։