ԼՈՅՏ ՕՍԹԻՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՑ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին Թիֆլիզ կատարած այցելութեան ընթացքին մեկնաբանեց Անդրկովկասի համար նախատեսուած՝ «3+3» ձեւաչափով հարթակի մը ստեղծման առաջարկը։ Ծանօթ է, որ Թուրքիա բուռն ձեւով կը պաշտպանէ այս հարթակի ստեղծուիլը։
Թրքական զանգուածային լրատուութեան աշխարհը մեծ ցաւ կ՚ապրի իր երէց սիւնակագիրներէն մէկուն մահուան առթիւ. ոչ եւս է Սամի Քոհէն։ 93 տարեկան հասակին ան աչքերը փակեց կեանքին։
Առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆնտըքեան եւ ամերիկահայ շրջանակներ ջերմօրէն շրջապատեցին մաէսթրօ Կոնստանդին Օրբելեանը, որ սկսած է պաշտօնավարել՝ որպէս Նիւ Եորքի քաղաքային օփերայի խմբավար:
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հերթական անգամ անդրադարձաւ Հայաստանի հետ սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացին՝ Քաթարի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ էլ Թանիի հետ հանդիպման ընթացքին։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ հանգուցեալ երեսփոխանի հոգեհանգստին:
Շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքեց յայտնի մտաւորական, պետական-քաղաքական գործիչ Վանօ Սիրադեղեան, որ Հայաստանի ներկայ անկախութեան ձեռքբերման յառաջատար դէմքերէն մին եղած էր։ Վանօ Սիրադեղեանի մահուան մասին տեղեկացուցին իր որդին՝ Խաչատուր Սիրադեղեան եւ կինը՝ Ռուզան Տօնոյեան։
Թուրքիա-Գերմանիա փոխյարաբերութիւններու նոր շրջանին համար դրական ակնկալութիւններ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալի կանխատեսումները նոր իրավիճակի մէջ. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը երբեք միջազգային մակարդակով առաջնահերթութիւն մը չէ եղած։ Միշտ գտնուած է աւելի կարեւոր բան մը։ Ոչ ոք կրնայ ձեւացնել, որ առայժմ աւարտած է։ 2025 թուականին պիտի գայ վերջնաժամկէտ մը, որ կապուած է Ռուսաստանի խաղաղապահներու առաքելութեան երկարաձգումին կամ վերջանալուն հետ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները դարձեալ ստիպուած պիտի ըլլան այս հարցին նայելու եւ մինչեւ այսօր տեղի ունեցածներէն շատ աւելի լուրջ բանակցութիւններ վարելու»:
Թուրք ճարտարագէտներու եւ ճարտարապետներու պալատներու միութեան հովանաւորութեան ներքեւ գործող Ճարտարապետներու պալատի Իսթանպուլի մասնաճիւղը երէկ գիրքի շնորհանդէս մը կազմակերպեց՝ մասնակցութեամբ Զաքարիա Միլտանօղլուի եւ Նիլկիւն Եըլմազթիւրքի։ Կառոյցի Գարագիւղի կեդրոնատեղիին մէջ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որ մաս կազմեց «Ճարտարապետներու պալատի պատմութենէն դէմքեր» շարքին։