Լրահոս

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԵՒ ՃԷՅՀՈՒՆ ՊԱՅՐԱՄԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ՝ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ

Արցախի երկրորդ պատերազմի սկիզբի առաջին տարելիցի ընդառաջ, շաբաթավերջին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը։ Երկու նախարարները այնտեղ կը գտնուէին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն մասնակցելու համար։

«ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇԻ ՓԱՌԱՏՕՆ»

Ֆէրիգիւղի փողոցներուն մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը։ «Քուրթուլուշի փողոցներու փառատօն» կոչուած ձեռնարկը կազմակերպուած էր՝ բնութեան, գեղարուեստի եւ մարդկութեան ազատութեան համար կարգախօսով։

ԱՀԱԶԱՆԳԱՅԻՆ ՆԱՄԱԿ

Հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ»ի վարձակալութիւնը կը ծառայէ Հին քաղաքի պատմական ու տեղագրական առանձնայատկութիւնները փոխելու եւ զայն հրէականացնելու նպատակին:
Պաղեստինի ինքնիշխանութեան ղեկավարութիւնը դիմեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին եւ Հայաստանի կառավարութեան՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածական միակողմանի եւ վիճելի գործարքներուն շուրջ զգուշացումներով:

«ԵԹԷ ԲԱՑՈՒԻ ՆԱԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻՆ, ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ԾԱՒԱԼՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՆ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն յայտարարեց, որ եթէ բացուի նաեւ Թուրքիոյ հետ երկաթուղին, ապա տարածքաշրջանային հաղորդակցութիւնները շատ աւելի մեծ ծաւալներ պիտի ունենան։

ԷՐՏՈՂԱՆ ՅԱՅՏՆԵՑ, ՈՐ ՓԱՇԻՆԵԱՆԷՆ ԴՐԱԿԱՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵՐ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, որ Նիւ Եորքի մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն, աւարտելով իր բազմակողմանի շփումները վերադարձաւ Թուրքիա։ Նախագահ Էրտողան վերադարձի ճանապարհին, թռիչքի ընթացքին զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։

ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ «ԱՒՐՈՐԱ» ՄՐՑԱՆԱԿԸ ՊԻՏԻ ՅԱՆՁՆՈՒԻ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ

«Աւրորա» մրցանակի յանձնման արարողութիւնն ու զուգահեռ ձեռնարկները այս տարի տեղի պիտի ունենան Վենետիկի մէջ, Իտալիա։ Համանուն մարդասիրական նախաձեռնութիւնը մշակած է բազմակողմանի ծրագիր մը, որ կեանքի պիտի կոչուի 8-10 հոկտեմբերին։

ՀԲԸՄ-Ի ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) վերջին օրերուն յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակին առթիւ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան բնագիրը։

ԽՕՍԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՍԻՐՏ ՊԷՏՔ Է ՈՒՆԵՆԱԼ

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Սեպտեմբերի 21-ին խօսեցաւ իշխանութիւնը եւ յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ սկսած է խաղաղութեան դարաշրջանը։ Իմ ականջին սա բաւական ցինիկ կը հնչէ այն պարագային, երբ մեր բազմաթիւ հայրենակիցներ թշնամիի ձեռքն են, երբ նոյնիսկ հիմա, պատերազմէն գրեթէ տարի մը անց, կը յայտնաբերուին զոհերու աճիւններ, երբ ատրպէյճանցիները կը գտնուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ (բոլոր տեսակի քարտէսներով), երբ Գորիս-Կապան ճանապարհին կրնան որեւէ պահ կանգնեցնել մեր եւ իրանցիներու մեքենաները եւ ամէն գործողութիւն իրականացնել անոնց դէմ։

ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ. ՀԱՅԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՃԻՇԴ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԿ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Իր պաշտօնը լիարժէք կերպով կատարած դիւանագէտը օրերս նոր ծառայութեան կոչուած է։
Խօսքը Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի մօտ աւագ հիւպատոս Արմէն Սարգսեանի մասին է, որ օրերս նշանակուեցաւ Քաթարի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի արժանի պաշտօնին։

Էջեր