ՎԱՐՊԵՏՆԵՐ ԵՒ ՍԿՍՆԱԿՆԵՐ
Երեւանի «Վահան Թէքէեան» կեդրոնի երդիքին տակ երէկ բացուեցաւ ցուցահանդէս մը, որու այցելուներու տրամադրութեան տակ դրուած են թէ՛ յայտնի եւ թէ սկսնակ յայտնի լուսանկարիչներու գործերը։ Արեւածագէ մինչեւ գիւղական առօրեայ, քաղաքային տեսարժան վայրերէ մինչեւ ծաղկաշատ այգիներ կամ աշխատաւոր մարդոց դիմանկարներ…
Երեւանի մէջ երէկ հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը բացուեցաւ Հայաստանի առաջին մանկական փալիաթիֆ խնամքի կեդրոնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Փրոֆ. Եոլեան» արիւնաբանական կեդրոնի համալիրէն ներս հաստատուած է մանկական փալիաթիֆ խնամքի քլինիքը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վաղը Սոչիի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները արդէն հաղորդած էին, որ առանձնազրոյցի ձեւաչափով նախատեսուած բանակցութիւններու ընթացքին երկու ղեկավարները պիտի շօշափեն նաեւ Հարաւային Կովկասի նոր իրադրութիւնը
Չավուշօղլու. «Թուրքիա պիտի շարունակէ իր հաւանական քայլերը համակարգել Ատրպէյճանի հետ»:
Հայաստան Թուրքիոյ հետ այժմ առկայ բոլոր հարցերը քննարկելի կը համարէ՝ կարգաւորումէ վերջ:
Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի երէկ հերթական անգամ բարձրաձայնեց իր երկրի մօտեցումները Հարաւային Կովկասի նոր իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Ըստ իրեն, Թիֆլիզ կ՚առաջարկէ հարթակ դառնալ՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բարձր մակարդակի շփումներու համար։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութիւնը կը շարունակուի։ Ինչպէս ծանօթ է, ընդհանուր քարտուղարը վերջին օրերուն հանդիպումներ ունեցած էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ, որոնք Նիւ Եորքի մէջ կը գտնուէին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն մասնակցելու համար։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները վերջին օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը քննարկեցին Ուաշինկթընի վարչակազմէն պաշտօնատարներու հետ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, անոնք հիմնախնդրին կապակցութեամբ քննարկումներ ծաւալեցին Սպիտակ տան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան պաշտօնատարներուն հետ։
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան յայտարարեց, որ այժմ եղածի պահպանումը անհրաժեշտ նախադրեալն է, որպէսզի Արցախը մնայ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Դաւիթ Պապայեանի կանխատեսումներով, հինգ տարի վերջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը դժուար թէ կարգաւորուած ըլլայ։
Երէկ Կրետէ կղզիին մէջ պատահեցաւ երկրաշարժ մը, որու սաստկութիւնը րիխթերեան չափանիշով կազմեց 5.8։ Սա Յունաստանի մեծագոյն կղզին է ու Միջերկրականի մեծագոյններէն, ուր պատահած ցնցումը զգալի դարձաւ նաեւ Թուրքիոյ հարաւ-արեւմուտքի զանազան քաղաքներէն ներս։