ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ
Պատրիարքական Աթոռի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ եւ ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Պալեաններու ոգեկոչման այս տարի մասնակցեցաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետը:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մատնանշեց փոքրամասնութիւններու անհանգստութիւնը ատելութեան խօսոյթի բերումով՝ մինչդեռ որքան բաղձալի պիտի ըլլար անոնց կողմէ երկրին բերուած նպաստին շեշտուիլը: Էքրէմ Իմամօղլու խոստացաւ գործակիցներուն հետ քննարկել՝ քաղաքի պողոտաներէն մէկուն արքունի ճարտարապետներու անունը տալու հնարաւորութիւնը:
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Ճէյմս Օսթինի հետ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները ընդգծեցին իրենց կողմէ ընծայուած կարեւորութիւնը՝ երկու երկիրներու միջեւ ռազմական յարաբերութիւններու ամրապնդման նպատակով։
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի շուրջ վերջին շփումներու լոյսին տակ ընդհանուր արժեւորում:
Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահական ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ զրոյցը, որու ընթացքին Սարգսեան եւ Փաշինեան քննարկեցին արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներու յաղթահարման վերաբերեալ հարցեր։
Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ սգահանդէս մը տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ երգիչին համար:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ Սոչիի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով այս հանդիպման վերաբերեալ հրապարակեց կարգ մը մանրամասնութիւններ, ըստ որոնց երկու նախագահներու օրակարգին վրայ գտնուած են տարածքաշրջանային հակամարտութիւններու խնդիրները։
Թեհրան-Պաքու առանցքին վրայ առկայ լարուածութիւնները կը շարունակուին։ Վերջին շրջանին անոնց միջեւ տարակարծութիւններ ծայր տուած են՝ Գորիս-Կապան ճանապարհի՝ Ատրպէյճանի կողմէ վերահսկուած հատուածներէն ներս Իրանի բեռնատարներուն դէմ ցուցաբերուած վերաբերմունքին համար:
Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունեց Երեւանի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Անն Լիւյոն։
Մայրաքաղաքի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի հերթական ժողովը:
Հայաստանի կառավարութիւնը ընդունեց 2022-ի պետական պիւտճէի նախագիծը, որ պիտի յղուի խորհրդարան: