ՀԲԸՄ-Ի ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) վերջին օրերուն յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակին առթիւ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան բնագիրը։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 76-րդ նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներու ծիրէն ներս անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Նիւ Եորքի մէջ ելոյթով մը հանդէս եկաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին առջեւ, նոր՝ 76-րդ նստաշրջանի բացման փուլին։ Բազմաթիւ հարցերու շարքին ան այս առթիւ անդրադարձաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի նոր իրադրութեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դառնայ 30 տարեկան… Տարեդարձի թիւը թէեւ կլոր է, սակայն, մթնոլորտը շատ հեռու է յոբելեանէ մը։ Հիմնադրութենէն երեք տասնամեակ անց հայոց պետականութիւնը կը դիմագրաւէ մահուկենաց պայքար։
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ պաշտօնապէս արձագանգեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ շաբաթավերջի յայտարարութիւններուն։ Այս կապակցութեամբ արտայայտուեցաւ կառավարութեան բանբերը՝ Մանէ Գէորգեան, որ մեկնաբանութիւն մը տուաւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Անկախութեան տարեդարձին առթիւ հրապարակեց պատգամ մը։ Մինչ այդ, 21 Սեպտեմբերի առթիւ, իր գլխաւորութեամբ Հայաստանի պետական աւագանին այս առաւօտ յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Եռաբլուրի զինուորական պանթէոն, ուր հերթական անգամ խոնարհում բերաւ նահատակներու յիշատակին առջեւ։