ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին շնորհաւորական մը ուղարկեց՝ ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանին կապակցութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հանրապետութեան նախագահի շնորհաւորականին մէջ նշուած է հետեւեալը։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Քրեմլինի պալատին մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը։ Մոսկուայի մէջ ռուս ղեկավարը ծաղկեփունջով մը դիմաւորեց գերմանացի շանսէօլիէն, որ յառաջիկայ ամիս արդէն մեծ քաղաքականութենէ պիտի հեռանայ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ռուս նախարարը նշանակման կապակցութեամբ բարեմաղթութիւններ յղեց հայ պաշտօնակցին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Ա. Քհնյ. Մելիքեան երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանին կապակցութեամբ։
2021 թուականի Եւրոպայի ճատրակի առաջնութիւնը պատմական յաջողութեան մը թատերաբեմը հանդիսացաւ հայկական մարզական աշխարհին տեսակէտէ։ Այսպէս, նորանկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ իգական սեռէ ճատրակի վարպետ մը հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան։
Հայաստանի Հանրապետութեան նոր կառավարութեան ծրագրին մէջ անդրադարձ կատարուած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարներուն:
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետը երէկ օրուայ տեւողութեան մի առ մի այցելեց Իշխանաց կղզիները. 25 նոր թաքսի:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Անոնք կանգ առին նաեւ Աֆղանիստանէ ներս ստեղծուած իրավիճակին վրայ։
Կառավարութիւնը 2021-2022 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը պահէ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ նախազգուշական միջոցներու հարցը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Նախարարաց խորհուրդի հերթական ժողովը, որու ընթացքին համապատասխան խնդիրները միշտ օրակարգի վրայ էին։