ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆ ՀՐԱԺԵՇՏ
Անժամանակ մահացած լուսահոգի լրագրողը շաբաթավերջին յուղարկաւորուեցաւ քաղաքամայր Երեւանի մէջ:
Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսի մարմինը ամփոփուեցաւ քաղաքային պանթէոնին մէջ, թարմ ծաղիկներով ծածկուեցաւ իր շիրիմը:
Անժամանակ մահացած լուսահոգի լրագրողը շաբաթավերջին յուղարկաւորուեցաւ քաղաքամայր Երեւանի մէջ:
Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսի մարմինը ամփոփուեցաւ քաղաքային պանթէոնին մէջ, թարմ ծաղիկներով ծածկուեցաւ իր շիրիմը:
Ուրուկուայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսիսքօ Պուսթիժօ պաշտօնական այցելութիւնով ժամանած է Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։ Այս առաւօտ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս տեղի ունեցաւ Արմէն Գրիգորեանի եւ Ֆրասիսքօ Պուսթիժոյի հանդիպումը։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուած իրադրութիւնը կը շարունակուի։ Շաբաթավերջին բախումները շարունակուեցան սահմանի զանազան հատուածներուն վրայ։
Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ ամերիկեան Moderna ընկերութեան համահիմնադիր եւ ընդհանուր տնօրէն Նուպար Աֆէեանի հետ քննարկեց՝ քորոնաժահրի դէմ գտնուած համանուն պատուաստանիւթի արտադրութիւնը կազմակերպելու վերաբերեալ հարցեր։ Գանատացի վարչապետը ամերիկահայ գործարար, գիտնական ու յայտնի բարերարին հետ ծաւալած քննարկման շուրջ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։
2018 թուականին մահացած աշխարհահռչակ անմոռանալի լուսանկարիչ Արա Կիւլէր, եթէ ապրէր, ապա 93 տարեկան դարձած պիտի ըլլար։ Արա Կիւլէրի տարեդարձին առթիւ այս օրերուն կազմակերպուած է եզակի ցուցահանդէս մը, ինչ որ լայն արձագանգ գտած է նաեւ տեղական մամուլին մօտ։
Երէկ, Երեւանի մէջ նշուեցաւ Հնդկաստանի ազգային տօնը։ Երկրի անկախութեան 75-ամեակին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արմէն Գրիգորեան, որ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ հնդիկ դեսպանին կողմէ։
Աֆղանիստանի իրադարձութիւնները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերու երկրէն դուրս գալէն վերջ ստեղծուած է նոր իրավիճակ մը, որով պայմանաւորուած գաղթականաց նոր հոսքի մը հեռանկարն ալ կը մտահոգէ միջազգային հանրութիւնը։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հին եւ նոր. երկու հականիշ բառեր, որոնք անբաժանելիօրէն կապուած են իրարու Աստուածաշունչ Մատեանի ամբողջականութեանը մէջ։ Սուրբ Գիրք ընթերցողներու համար անծանօթ չեն այն երկու գլխաւոր բաժինները, որոնք կ՚որակուին այս երկու ածականներով. Հին Կտակարան եւ Նոր Կտակարան։
Ուրուկուայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսիսքօ Պուսթիժօ այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։ Բանակցութիւններու առընթեր, Արմէն Գրիգորեան եւ Ֆրանսիսքօ Պուսթիժօ կը սարքեն համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Նորոգ հանգուցեալ աշխարհահռչակ տուտուկահարին ի յիշատակ ձեռնարկ մը Գնալը կղզիի մէջ:
Ճիվան Գասպարեանի կեանքին ու գործին մասին արտայայտուեցան՝ Բագրատ Էսդուգեան, Օսման Քէօքէր եւ Յակոբ Մամիկոնեան: