ԸՍՏ ՄԱՐԻԱ ԶԱԽԱՐՈՎԱՅԻ, ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՊԱՔՈՒ ԿԱՆՈՆԱՒՈՐ ՇՓՄԱՆ ՄԷՋ ԵՆ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ արձագանգեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ ան Մոսկուային կոչ ուղղած էր՝ չզինել Երեւանը։ Ռուս բանբերը այս առթիւ յայտնեց, որ այս կամ այն երկրին զէնք վաճառելը Մոսկուայի ինքնիշխան իրաւունքն է։
Կառավարութիւնը 2021-2022 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը պահէ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ նախազգուշական միջոցներու հարցը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Նախարարաց խորհուրդի հերթական ժողովը, որու ընթացքին համապատասխան խնդիրները միշտ օրակարգի վրայ էին։
Վերջին շրջանին ժամանակաւոր արուեստի գրաւչութիւնը պատած է աշխարհը։ Բոլորն ալ կը յայտնուին համացանցի վրայ ու կը գրաւեն հետեւորդներու ուշադրութիւնն ու գնահատանքը։
Աշխարհի ամենահաստ բունով ծառը ունի 42 մեթր շրջագիծ։ 2000-ամեայ ծառը տակաւին կը շարունակէ աճիլ։ Այսպէս, Մեքսիկայի Սանթա Մարիա տել Թուլէ քաղաքին մէջ աճող զարմանահրաշ ծառը, որուն կ՚անդրադառնայ «Oddity Central»ը եւ որ յայտնի է որպէս աշխարհի ամենահաստաբուն ծառը:
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ հանդիպում «IDEF-2021»ի ծիրէն ներս:
Տիարպաքըրի երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու՝ մատակարար մարմիններու առկախեալ ընտրութեան խնդիրը։
Հայաստանի մէջ 20 օգոստոսին տեղի ունեցած արտահերթ ընտրութեան արդիւնքի հիման վրայ ձեւաւորուած կառավարութեան վերջին անդամն ալ յայտնի դարձաւ այս առաւօտ։ Այսպէս, Արարատ Միրզոյեան նշանակուեցաւ արտաքին գործոց նախարար։
Հայաստանի նոր կառավարութեան ծրագրով նախատեսուած է արտաքին հետազօտութեան ծառայութեան մը ստեղծուիլը: Երեւան միշտ կողմնակից ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ բանակցութիւններու վերսկսման Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ:
Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երէկ փակ քննարկում մը տեղի ունեցաւ երկրի՝ Ատրպէյճանի հետ սահմաններուն վրայ ստեղծուած առկայ իրավիճակին շուրջ։ Այս քննարկումներուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահ զօրավար Էտուարտ Ասրեան։
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը բոլորին կոչ ուղղեց, որպէսզի անպայման պատուաստուին քորոնաժահրի դէմ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Սրբազան Քահանայապետը մարդկութեան ուղղեալ կոչին մէջ շեշտեց, որ միայն պատուաստումը վերջ կրնայ տալ համաճարակին։