ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԴՌՆՓԱԿ ՆԻՍՏԸ՝ ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ
Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս այս առաւօտ դռնփակ նիստ մը տեղի ունեցաւ՝ երկրի սահմաններուն վրայ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը այս շրջանին հետզհետէ կ՚աճի՝ խլելով նաեւ զոհեր։
Հայաստանի Լեզուի կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Կիւրճինեան վերջերս Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց «Արմէնփրէս»ի սրահի երդիքին տակ։ Այս առթիւ ան բացատրութիւններ տուաւ ընթացիկ տարուայ առաջին եօթ ամիսներու տուեալներու լոյսին տակ Հայաստանի լեզուի մասին օրէնքի խախտումներուն շուրջ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կոչ ուղղեց, որպէսզի բեռնափոխադրումներով զբաղող ռուսական ընկերութիւնները ուշադրութեան առարկայ դարձնեն Լեռնային Ղարաբաղի տարանցիկ ներուժը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «ԹԱՍՍ» ռուսական գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ ռուս նախարարը մէկտեղուած է այդ ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդունուեցաւ Հաթայի կուսակալին եւ գլխաւոր քաղաքապետին կողմէ:
Խնդրայարոյց տրամաբանութիւն. այն ինչ որ ընդունելի է Ատրպէյճանի համար, հանդուրժելի եւ թոյլատրելի չէ Հայաստանի պարագային:
Ուրուկուայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսիսքօ Պուսթիժօ աւարտեց դէպի Հայաստան պաշտօնական այցելութիւնը։ Ան երէկ յայտարարեց որ իր երկիրը կը պատրաստուի դեսպանատուն մը բանալ Երեւանի մէջ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մարդահամար կը կազմակերպուի տասն տարուայ պարբերութեամբ եւ այս օրերուն հրապարակուեցան վերջին մարդահամարի արդիւնքները։ Ըստ այս ամենաթարմ տուեալներուն, 2010-2020 թուականներու ժամանակաշրջանին զանազանութիւնը աստիճանաբար աւելցած է երկրէն ներս, ուր աճած է թիւը անոնց, որոնք ինքզինքնին կը համարեն «բազմացեղ», «լատին» եւ «ասիացի»։
Փարիզի մէջ, այսօր, իր մահուան երկրորդ տարելիցին առթիւ կ՚ոգեկոչուի սփիւռքահայ մեծանուն մտաւորական Վարդան Օզինեան։ Կեանքի մէջ արձանագրած բոլոր նուաճումներով, հասած բոլոր դիրքերով եւ արժանացած բոլոր կոչումներով ու տիտղոսներով հանդերձ, ան սիրած էր մինչեւ իր վերջին շունչը մնալ ու որակուիլ՝ որպէս Կեդրոնականի սան։