ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՑ ԶԱՆՑԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԴԷՄ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ երկիրը պիտի շարունակէ փուշի վրայ ըլլալ, ամենափոքր զանցառութիւնը կրնայ վերստին թափ տալ համաճարակին։
Կուսակցականներու հետ կազմակերպուած առցանց լայնածաւալ խորհրդակցութեան մը ընթացքին նախագահ Էրտողան դիտել տուաւ, որ համաճարակի սահմանափակման զուգահեռ Թուրքիոյ մէջ կը բանի աստիճանական բնականոնացման օրացոյցը։