Լրահոս

ՄԻՇՈՒՍԹԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին այսօր կ՚այցելէ Երեւան, ուր կը մնայ երկու օր։ Ան կը մասնակցի Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան միջկառավարական խորհուրդի նիստին։ Ժողովները կը համընկնին Արցախի ռազմաճակատի թէժ իրադարձութիւններու շրջանին։

«ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ»

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններով։ Ան ողբերգութիւն որակեց դէպքերը եւ ըսաւ. «Թէ՛ Ատրպէյճան, թէ՛ Հայաստան եւ թէ Լեռնային Ղարաբաղ այն տարածքներն են, ուր մեզի համար հարազատ մարդիկ կ՚ապրին»։ Փութին աւելցուց, որ հակամարտութեան վերջնական լուծումը տակաւին հեռու է, բայց պէտք է անյապաղ դադրեցնել կրակը։

ԴԺՈԽԱՅԻՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ստեփանակերտի, Շուշիի եւ Արցախի բոլոր խաղաղ բնակավայրերուն վրայ սաստիկ կրակ կը տեղայ:
Հայկական զինեալ ուժերը յամառ դիմադրութեամբ կը պաշտպանուին: Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու վառելաքսուքային մեծ ռազմախարիսխ մը ոչնչացուեցաւ: Լեռնային Ղարաբաղ հրապարակեց նոր նահատակներու անուններ:

ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽ ԶԻՋՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆ ԱՅՆՔԱՆՈՎ, ՈՐՔԱՆՈՎ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղ եւ Հայաստան զիջումներու պատրաստ են այնքանով, որքանով պատրաստ է Ատրպէյճան։ AFP գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ան ընդգծեց այս հանգամանքը՝ դիտել տալով, որ հակամարտութիւններու կարգաւորումը պէտք է իրականացուի փոխադարձ զիջումներու հիման վրայ։

ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԵՒԼԻՒՏ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ՊԱՔՈՒ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ այցելեց Պաքու, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Արցախի մէջ բռնկած նոր պատերազմի մթնոլորտին մէջ, սա զօրակցութեան այցելութիւն մըն էր։

ԳՐԱՌՈՒՄ. «ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ»

Մինչ Արցախի սաստիկ պատերազմը կը շարունակուի, ընկերային ցանցերու վրայ անհատներու մակարդակով աչքի կը զարնեն հետաքրքրական գրառումներ։ Վերջին օրերուն արձագանգ հանդիսացած էինք «Ատրպէյճանի ձախ երիտասարդութիւն» կոչուած խմբաւորման յայտարարութեան, որով լրջօրէն կը հարցաքննուէր Պաքուի դիրքորոշումը ու կը քննադատուէր նախագահ Ալիեւի վարչախումբը։

ՍՆՆԴԱՄԹԵՐՔԻ ՏԵՍԱԿՆԵՐ

Երեխայի սննդակարգը շատ կարեւոր դեր կը խաղայ անոր առողջութեան պահպանման ընթացքին վրայ, ուստի Parents կայքէջը կը ներկայացնէ սննդամթերքի այն տեսակները, որոնք կը համարուին փոքրիկներու առողջութեան համար ամենէն օգտակարները:

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ 7 հազար 700 տոլարով աճուրդի հանուած է առասպելական անգլիացի դերասանուհի Օտրի Հեփպըրնի «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» եւ «Միանձնուհիի պատմութիւնը» շարժանկարներու նկարահանումներու ժամանակ քաշուած հազուագիւտ լուսանկարներու հաւաքածոն։

Էջեր