ԱՐԱ ԱՅՎԱԶԵԱՆԻ ՓԱՐԻԶ ԱՅՑԸ ՎԵՐՋԱՑԱՒ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան աւարտեց իր աշխատանքային այցելութիւնը դէպի Փարիզ։ Նախընթաց օր Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի կողմէ ընդունուելէ վերջ, ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին նախարարը տեսակցեցաւ Ֆրանսայի օրէնսդիրներուն հետ։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ Թեհրանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հասան Ռուհանի եւ Ճէյհուն Պայրամով անդրադարձան Ռեշտ-Աստարա երկաթուղիի արագ շինարարութեան կարեւորութեան։
«Առանց Նիկոլի Հայաստան» կարգախօսով երէկ քաղաքացիական անհնազանդութեան ցոյցեր տեղի ունեցան երկրի զանազան քաղաքներուն մէջ, իսկ այսօր ընդդիմութիւնը բողոքի նոր ցոյց մը կը կատարէ խորհրդարանի շէնքին առջե: Վազգէն Մանուկեան կոչ ուղղեց բոլորին՝ մասնակցիլ վերածնունդի:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Պաքու, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան-Ալիեւ հանդիպման օրակարգին վրայ կը գտնուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ընթացիկ իրավիճակի քննարկումը։
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում մը ունեցան Փարիզի մէջ՝ քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի հարցը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ նամակ մը ուղարկեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան խնդրեց, որ Վլատիմիր Փութին աջակցութիւն ցուցաբերէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման համար։
Կը տեղեկանանք, որ Birzamanlar հրատարակչութենէն լոյս տեսած է Քեմալ Եալչընի նոր գիրքը, որ կը կոչուի՝ «Tek Kanatlı Kartal»։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը կը շարունակէ մնալ փակուղիի մէջ։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը մինչեւ այսօր կէսօրուան ժամերը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին համար վերջնաժամկէտ սահմանած էր։