ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մոսկուա եւ Անգարա աւարտին հասցնելու վրայ են՝ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի վերահսկման նպատակով նախատեսուած Թուրքիա-Ռուսաստան համատեղ կեդրոնի բացման աշխատանքները։ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ բանակցութիւնները յառաջ կը տարուին Պաքուի հետ համագործակցութեամբ։
Հրադադարի համաձայնութենէն վերջ առաջին անգամ շաբաթավերջին բախումներ տեղի ունեցան:
Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ շաբաթավերջին տեսակցեցաւ Վիսքոնթիի եւ Շեֆըրի հետ. «Ես չէ, որ այստեղ հրաւիրած եմ ձեզ»:
Հայաստանի ներքին քաղաքական առկայ փակուղիին մէջ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ զանազան մակարդակներու վրայ շփումներն ու խորհրդակցութիւնները։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով ամբողջ երկրէն ներս կը շարունակուին զանազան ձեւաչափերով բողոքի ցոյցերը։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ տեղեկացուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի վերահսկման համար նախատեսուած Ռուսաստան-Թուրքիա համատեղ դիտարկման կեդրոնը պիտի ստեղծուի Աղտամի շրջանէն ներս։ Ան այս յայտարարութիւնը ըրաւ շաբաթավերջին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահները ընդունելով։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ ելոյթով մը՝ ժողովուրդի հետ զրոյցի ձեւաչափին մէջ։ Այս առթիւ ան տեղեկացուց, որ 19 դեկտեմբերին պիտի լրանայ Արցախի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան 40-րդ օրը։
Հայաստանի առկայ քաոսը տակաւ կը խորանայ՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հետեւանքով յառաջացած ահաւոր աղէտի պայմաններուն ներքեւ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը եւ անոր կողմէ ցուցաբերուած դիմադրութիւնը ստեղծած են փակուղի մը, որ Հայաստանի ապագան գրաւի տակ կը դնէ։
Թոմաս տը Վաալ. «Հիմա ա՛լ աւելի դժուար է Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը լուծել»: