ԼՈՒՍՆԻ ՎՐԱՅ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՆԸ
Ամերիկեան Օդագնացութեան եւ տիեզերական տարածութեան հետազօտութիւններու ազգային գործակալութիւնը (ՆԱՍԱ) կը ծրագրէ 2024 թուականին առաջին կինը ուղարկել դէպի Լուսին։ Այսպէս, ՆԱՍԱ-ն պաշտօնապէս ներկայացուցած է իր 28 միլիոն տոլար արժողութեամբ ծրագիրը՝ 2024 թուականին կրկին Լուսին ոտք դնելու վերաբերեալ:
Անգլիացի հրուշակագործներ ուշագրաւ կարկանդակներ կը ստեղծեն շարժուն ձիախաղի տեսքով։ Այսպէս, անգլիական Oddity Central կայքէջը ուշագրաւ անդրադարձ կատարած է լոնտոնեան Tattooed Bakers սրահի պատրաստած կարկանդակներուն, որոնք ստեղծուած են գեղեցիկ ձիախաղերու տեսքով եւ կը յիշեցնեն իրական արուեստի գլուխգործներ:
Անգլիոյ Թագաւորական ակադեմիոյ մէջ կը քննարկուի Միքելանճելոյի քանդակը վաճառելու հարցը։ Այսպէս, Թագաւորական ակադեմիոյ մէջ կը քննարկուի համավարակի հետեւանքով ստեղծուած ճգնաժամային պայմաններէն դուրս գալու համար Միքելանճելոյի գլուխգործոցներէն մէկը վաճառելու տարբերակը:
Երեւանէն եւ այլ քաղաքներէն ներս կամաւորներ կը զինուորագրուին առաջնագիծ մեկնելու համար, ժողովուրդը փողոցներու մէջ օգնութիւն կը հաւաքէ՝ պատրաստելով բանակին ուղարկուելիք արկղեր: Բնակչութեան խորհուրդ կը տրուի չծանրաբեռնել հեռաձայնային ցանցը: Համահայկական հիմնադրամի ձեռնարկած հանգանակութիւնը արդիւնաւէտ: Վիրաւորեալ յղի կին մը ծնաւ արու զաւակ մը: Ինն տարեկան պատանի մը զոհ գնաց բախումներուն:
Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւնները կը շարունակեն բնորոշել Թուրքիոյ օրակարգը։ Ազգային մեծ ժողովը երէկ հրապարակեց համատեղ յայտարարութիւն մը։
Ատրպէյճանի բանակը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն օդային եւ ցամաքային զօրքերով յարձակման անցաւ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ՝ շփման գծի ամբողջ երկայնքով։
Երեւան եւ Ստեփանակերտ Պաքուի հաւասարազօր բացայայտօրէն կը հակազդեն նաեւ Անգարայի դէմ:
Միջազգային վերջին իրադարձութիւնները կրնան Ատրպէյճանի նշանակութիւնը նուազեցնել՝ յաչս Իսրայէլի:
Մայրենի լեզուն կենսունակ պահելու եւ թարմացնելու ուղղեալ յարատեւ ջանքեր:
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի՝ վերջին շրջանի զգայացունց իրադարձութիւններու շղթային վրայ երէկ գիշերուան ժամերուն աւելցաւ նոր օղակ մը։ Այսպէս, կալանաւորուեցաւ յայտնի գործարար, «Բարգաւաճ Հայաստան» ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան, որու վերաբերեալ իրադարձութիւնները վերջին շրջանին առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէին երկրի օրակարգին վրայ։