ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ 7 հազար 700 տոլարով աճուրդի հանուած է առասպելական անգլիացի դերասանուհի Օտրի Հեփպըրնի «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» եւ «Միանձնուհիի պատմութիւնը» շարժանկարներու նկարահանումներու ժամանակ քաշուած հազուագիւտ լուսանկարներու հաւաքածոն։
Աշխարհի խոշորագոյն աճուրդի տուներէն մէկը՝ Sotheby՚s, վաճառած է 102.39 քարատնոց անթերի սպիտակ ադամանդ մը:
Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաճակատի բախումներու մթնոլորտին մէջ ՄԱԿ տեղեկացուց, որ քաղաքային ժողովուրդէն 40 զոհ կայ։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես այս իրավիճակին մէջ աշխարհին դիմեց՝ խնդրելով նպաստել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմի դադրեցման։ Ան տարածքաշրջանային եւ միջազգային դերակատարներուն կոչ ուղղեց՝ օգնել անյապաղ հրադադարի հասնելու համար հակամարտութեան գօտիէն ներս։
Պաքու մեկնելու սեմին Չավուշօղլու ըսաւ. «Հայաստան 30 տարիէ ի վեր կը վայելէ բռնագրաւման համը»:
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բռնկած նոր պատերազմի մթնոլորտին մէջ, երէկ չորրորդ հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին կողմերը շարունակեցին ռազմական գործողութիւններու վերաբերեալ զարգացումներու քննարկումը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլինի հետ։ Երկկողմանի յարաբերութիւններուն անդրադառնալու առընթեր, երկու ղեկավարները զրոյցի տեւողութեան կանգ առին Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններուն վրայ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները երէկ համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններուն շուրջ։ Այս երեք պետութիւններու նախագահները եւս քանի մը օր առաջ համատեղ յայտարարութիւն մը հրապարակած էին։
Արցախի ճակատին վրայ մարտերը կ՚ընթանան տարբեր խտութեամբ: Ըստ հայկական աղբիւրներու, Ատրպէյճան այս առաւօտ շարունակեց ռմբակոծել Ստեփանակերտը: