ԹՐԱՄՓ, ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ՄԱՔՐՈՆ ՀԱՄԱՏԵՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՈՎ ՄԸ ՊԱՀԱՆՋԵՑԻՆ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՆՆԵՐՈՒ ԱՆՅԱՊԱՂ ԴԱԴՐԵՑՈՒՄԸ, ԱՌԱՆՑ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարները երէկ համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն կոչ ուղղեցին, որպէսզի ռազմական գործողութիւնները անյապաղ դադրեցուին՝ առանց նախապայմաններու եւ հակամարտ կողմերը վերադառնան բանակցային սեղանի շուրջ։
Հոկտեմբեր 2-ին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր մեծատաղանդ արուեստագէտներէն Թաթուլ Ալթունեանի (1901-1973), որուն անունն ու գործը անմահութիւն նուաճեցին՝ իբրեւ հիմնադիր խմբավարը Հայաստանի Երգի ու պարի պետական համոյթին։
Հնդկաստանի քաղաքական ու հոգեւոր առաջնորդ, անկախութեան շարժման ղեկավար, փաստաբան, լրագրող, փիլիսոփայ, ինքնակենսագիր, ակնարկագիր, խմբագիր, իրաւաբան, յուշագրող Մոհանտաս Քարամչանտ Կանտի ծնած է 2 հոկտեմբեր 1869 թուականին Փորպանտար՝ Հնդկաստան։ Հայրն է Քարամչանտ Կանտի, իսկ մայրը՝ Փութլիպաի Կանտի։
Սպանացի լուսանկարիչը բացայայտած է շքեղ լուսանկարներ ստանալու գաղտնիքները։ Այսպէս, լուսանկարները, որոնց ստեղծման համար առաջին հայեացքէն կը թուի, թէ բարդ հնարքներ անհրաժեշտ են, յաճախ կարելի է ստանալ առանց դժուարին փորձագիտական միջոցներու ու յատուկ սրահի:
Ճաբոնցի նկարիչը տերեւները կը վերածէ արուեստի ինքնատիպ ու տպաւորիչ գործերու։ Այսպէս, ճաբոնցի նկարիչը, որ Instagram-ի մէջ հանդէս կու գայ Lito Leaf art անունով, տերեւներու միջոցով արուեստի ինքնատիպ ու տպաւորիչ գործեր կը ստեղծէ։
Աշխարհի ամենափոքր Ռուպիկի խորանարդը ստեղծուած է Ճաբոնի մէջ: Ալիմինիումէ Ռուպիկի խորանարդը կը կշռէ միայն 2 կրամ:
Չինաստանի մէջ հաւ մը կանաչ նախշաւոր հաւկիթ ածած է։ Այսպէս, Չինաստանի Սուցիան քաղաքին մէջ հաւ մը կանաչ նախշաւոր հաւկիթ մը ածած է։
Արցախի ճակատին վրայ երէկ գիշեր բոլոր ուղղութիւններով ընթացան սաստիկ մարտերը, որոնք այս օրուան սկիզբին ալ շարունակուեցան՝ միշտ ծանր հետեւանքներով:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Արցախի լայնածաւալ բախումներու մթնոլորտին մէջ երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։